Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրժի Տաճարին Մէջ

November 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեան եւ Սամուէլ Նազարեան
Յարութիւն Թորոսեան եւ Սամուէլ Նազարեան

«Սարգիս ծառայ Աստուծոյ…»

Ֆրանսայի հին գաւառներէն 18-րդն է Պերրին: Շերի նահանգը մաս կը կազմէ անոր, իսկ Պուրժ քաղաքը մայրաքաղաքն է Շերի, որ դարձած է 12-րդ դարուն Շարլ 7-րդ թագաւորին նստավայրը:

Պուրժ զինուորական ճարտարուեստի կեդրոն է, նաեւ մշակութային քաղաք մը` իր հինգ թանգարաններով.

1 – Ֆրանսայի գեղեցկագոյն Սենթ Էթիէն տաճարին մէջ, կառուցուած 1195-1324, ամէն գարնան տեղի կ՛ունենան դասական երաժշտութեան տօնահանդէսներ: Ընթացիկ մայիս ամսուան 19-ին Մոցարթի գլուխ գործոցը` «Ռեքվիէմ»-ը  մեկնաբանուեցաւ 150 երաժիշտներու եւ երգիչներու կողմէ:

2 – Շարլ 7-րդ թագաւորի ֆինանսական մատակարար Ժաք Քէօրի պալատը, որ ճարտարապետական գոհար մըն է:

3 – Պերրիի գաւառի ազգագրական թանգարանը:

4 – Վերացապաշտ նկարիչ Մորիս Էսթեւի թանգարանը: Էսթեւ ծնած է 1904-ին ու մահացած 2001-ին:

5 – Զարդարուեստի թանգարանը:

ՙ«Դուքսը Պերիի կեանքի հարուստ պահերը» շարքէն  Մանրանկար` Լիմպերկ եղբայրներու
ՙ«Դուքսը Պերիի կեանքի հարուստ պահերը» շարքէն
Մանրանկար` Լիմպերկ եղբայրներու
Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարի ճակատը
Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարի ճակատը
Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարը` նկար, առնուած ձախ կողմէն
Պուրժի Սենթ Էթիէն տաճարը` նկար, առնուած ձախ կողմէն

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժորժ Սանտ, բուն անունով` Օրոր Տիւբէն, պարոն Տիւ տէ Վան Պերիի գաւառի մասին լաւագոյն գրութիւններու 1804-1878 գրագիտուհին
Ժորժ Սանտ, բուն անունով` Օրոր Տիւբէն, պարոն Տիւ տէ Վան Պերիի գաւառի մասին լաւագոյն գրութիւններու 1804-1878 գրագիտուհին

Պատմականօրէն եւս կան տուեալներ` Պուրժ քաղաքին հետ կապուած. հոն ապրած է Ժան տը Ֆրանս` Պերրիի դուքսը (1340-1416): Ան հոգացած է Սենթ Էթիէն տաճարի երփնապակիներուն ծախսերը, որոնք գեղեցկագոյններն են Ֆրանսայի տաճարներուն մէջ:

Նշանաւոր գրագիտուհի Ժորժ Սանտ հեղինակած է Պերրի գաւառի մասին գրութիւններ եւ կը նկատուի պերրիցի սիրուած գրագիտուհի: Ծնած է 1804-ին եւ մահացած` 1878-ին: Եղած է սիրուհին բանաստեղծ Ալֆրետ տը Միւսէի եւ Ֆրետերիք Շոփենի: Հեղինակն է հետեւեալ գիրքերուն. «Ինտիանա»` 1832-ին, «Լելիա» 1833-ին, «Քոնսիւելօ»` 1842-43-ին, «Սատանայի մուրը»` 1846-ին, «Ֆրանսուա Շափին»` 1854-1855, «Պզտիկ Ֆատեթը»` 1854-1855-ին, որ իր կեանքին պատմութիւնն է:

***

Վերապաշտ նկարիչ` Մորիս Էսթեւ (ֆրանսացի) 1904-2001
Վերապաշտ նկարիչ` Մորիս Էսթեւ (ֆրանսացի) 1904-2001
Ֆիլիփ Տորմոյ Հեղինակը` «Conte à rebours»-ի հետեւողութեամբ

Ընթացիկ տարուան մայիսի սկիզբը Պուրժ գտնուեցայ երեք օրուան համար, ուր որդիս` Ստեփանը, բնակութիւն հաստատած է իր կնոջ եւ տղուն հետ: Ստեփան կ՛ուզէր կարծիքս իմանալ իր վերջին գործերուն մասին. նկարազարդած էր երկու կարեւոր գիրքեր եւ ունէր բազմաթիւ նոր իւղանկարներ: Առաջին գիրքին հեղինակն է Փոլ Փոլանսկին, երկրորդինը` Ֆիլիփ Տորմոյը, որ Շէյքսփիրի «Լիր Արքայի» հետեւողութեամբ գրած է ընկերային խորքով գիրք մը, իտալերէնով: Ֆիլիփ Հռոմի մէջ տուած է ասմունքի ցերեկոյթ մը` «Վալէ» թատրոնին մէջ, իտալացի դերասաններու ընկերակցութեամբ, 1500 հոգիի ներկայութեան: Ստեփան մեկնած է հեղինակին հետ Հռոմ եւ թատրոնի մուտքին ցուցադրած է իր գծագրութիւնները:

Պուրժ հասնելուս երկրորդ օրը Ստեփան ըսաւ. «Քեզի պիտի ծանօթացնեմ հայաստանցի հայու մը, որ Ֆրանսա եկած է բուժուելու համար: Արհեստով ձուլագործ է եւ աւարտած` Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին նկարչական բաժինը: Սքանչելի անձ մըն է»: Հեռաձայնով ժամադրուեցաւ հետը քաղաքին մէջ, սրճարան մը: Կէս ժամ ետք ծանօթացանք իրարու եւ սուրճ մը խմեցինք Պուրժի տաճարին մօտիկ:

b3Սամուէլ Նազարեան 60-ի մօտ, խոնարհ տեսքով եւ նոյնքան խոնարհ հոգիով հայ մըն է: Ֆրանսա եկած է կզակի ոսկորի տեղադրման համար: Հայաստան կատարած էին առաջին վիրահատութիւնը, սակայն չէր յաջողած: Երկրորդը կատարած է ֆրանսացի մասնագէտ մը, արդիւնքը գոհացուցիչ է: Ֆրանսական պետութիւնը հինգ տարուան բուժման արտօնութիւն տուած է իրեն: Սամուէլ իր կնոջ հետ կ՛ապրի Պուրժի մէջ, սակայն ամէն օր կ’երթայ հիւանդանոց` խնամք ստանալու համար: Միակ որդին` Արմէնը կ’ապրէր Լոս Անճելըս:

Համակրելի այս հայը առաջին մէկ վայրկեանէն գրաւեց սիրտս, դարձանք հարազատ բարեկամներ: Այն երկու օրերու ընթացքին, որ առիթ ունեցանք զիրար տեսնելու, մենք մեզ Երեւանի մէջ կը զգայինք: Մեր խօսակցութեան նիւթը հայութեան եւ Հայաստանի մասին էր…

Երբ սրճարանէն դուրս ելանք, խնդրեցի Ստեփանէն, որ Սենթ Էթիէն տաճար մտնէինք հայերէն գրութիւնը տեսնելու համար: Մտանք տաճար: Խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէր: Ստեփանին հետ երկու տարի առաջ տեսած էինք այդ փորագրութիւնը, որ հաստաբուն սիւնի մը վարի մասին վրայ էր, սակայն դիւրին չեղաւ զայն գտնելը: Ստեփանն ու իր տղան աչքէ կ՛անցընէին սիւները, մինչ ես ու Սամուէլ հմայուած եռանաւ գոթական այս կառոյցին բարձրութեամբ, երփնապակիներով ու առաստաղով` կը շարունակէինք շրջիլ լռութեամբ, երբ թոռնիկս վազելով եկաւ ու ըսաւ. «Գտա՜նք, գտա՜նք»… Մօտեցանք սիւնին, ուր Ստեփան փորագրութեան վրայ փակցուած թուղթը կը մաքրէր: Ո՞վ գիտէ, ո՛ր անշնորհքը փակցուցած է, ըսի:

b1– Ով պիտի ըլլայ, եթէ ոչ քաղաքին մէջ ապրող թուրքերէն մին,- պատասխանեց որդիս: Սամուէլ գրպանէն հանելով թաշկինակը, սկսաւ սրբել սիւնին վրայի փոշին: Գիրը յստակ կ՛երեւէր հիմա. թեթեւօրէն փորագրուած էր.

(Մեր Տէր Սուրբ Յիսուս Քրիստոս, Ամէն)

Ո՞վ էր արդեօք Սարգիս: Ե՞րբ էր փորագրած: Ուրկէ՞ էր եկած: Չգիտցանք: Ենթադրեցինք, որ տաճարի կառուցման մասնակցող արհեստաւոր մը կրնար ըլլալ եւ կամ ուխտաւոր մը, որ եկած էր Ամենակալին յայտնելու իր ծառայութիւնը:

– Ով որ ալ ըլլայ, մատաղ իր հոգուն,- ըսաւ Սամուէլ յուզուած:

Նկարուեցանք սիւնին առջեւ ու դուրս ելանք երկիւղածութեամբ: Այդ պահուն յիշեցի Ուիլիըմ Սարոյեանին խօսքը. «Երբ երկու հայ իրարու հետ հայերէն կը խօսին, հոն Հայաստան է…»:

 

 

 

Նախորդը

Խոհանոցին Ետին. Ուտելիքի Նոր Տեսակի Գիտութիւն Մը

Յաջորդը

Սիրելի Ագապի Մղտեսեանի Վառ Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.