Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամացուած Հայ Կնոջ Ողբերգական Պատմութիւնը

November 20, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Broken_crossԹուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է իսլամացուած հայերու մասին խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, ներկայացուած են նաեւ հայ կիներու պատմութիւնները։ Այդ պատմութիւններէն մէկը, որ խորհրդաժողովի ընթացքին պատմած է մտաւորական Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու, հրապարակուած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ։

Ուրֆայի մէջ ապրած Սառա ստիպուած եղած է բռնի ամուսնանալ իր ծնողները սպաննած թուրք Այըփ աղային հետ, որ համիտիյէ գունդերու գլուխն անշցած՝ կը յարձակէր հայկական գիւղերու եւ բնակավայրերու դէմ։

15-ամեայ Սառայի գիւղին վրայ ալ կը յարձակին եւ տղամարդիկը կը հաւաքեն, կը տանին։ Դէպքէն մէկ ամիս ետք, երբ Սառան ձորը լուացք կ­­՛ընէր, շան բերանը մարդու ձեռք կը տեսնէ եւ այդ ձեռքին վրայ եղող ժամացոյցէն կը կռահէ, որ ատիկա իր հօրեղբօր ձեռքն է։ Շան ետեւէն կ­­՛երթայ մինչեւ «հայկական քարանձաւ» կոչուող վայրը եւ այնտեղ իրենց գիւղի տղամարդոց մասնատուած մարմինները կը գտնէ։

Ողջ մնացածները կ­­՛որոշեն հեռանալ գիւղէն, սակայն Այըփ աղան զիրենք կը բռնէ եւ օրեր շարունակ տեղ մը պահելով՝ սովի կը մատնէ։ Այըփ աղան, որ արդէն երկու կին ունէր, կը սիրահարի Սառային եւ կը պահանջէ, որ իրեն հետ ամուսնանայ։ Երբ Սառան կը մերժէ, Այըփ կը սպաննէ անոր մայրը, Սառան դարձեալ չ­­՛ընդունիր առաջարկը, որմէ ետք աղան կը սպաննէ նաեւ աղջկան հայրը։ Իսկ երբ Այըփ կ­­՛ուզէր Սառային եղբայրը սպաննել, աղջիկը կը համաձայնի երկու պայմանով, նախ եղբայրը պիտի չսպաննէին եւ երկրորդ՝ իր անունը, որ հայրը իրեն տուած էր, պիտի չփոխուէր։

Այըփ աղան համաձայն կը գտուի, սակայն մէկ տարի ետք Սառային եղբայրը կը մահանայ կասկածելի պայմաններու մէջ։ Իսկ Այըփ աղան կը սկսի Սառան սարսափելի ճնշումներու ենթարկել։ Այըփ եաթաղանով, որով հարիւրաւոր հայեր սպաննած էր, Սառայի մարմնին վրայ խաչեր կը գծէր, կը բռնաբարէր։ Սառան 15 երեխայ կ­­՛ունենայ, որոնք բոլորն ալ կը մահանան։ Սառան կամ ալ Այըփի միւս կիներէն մէկը երեխաները թունաւորելով սպաննած էր։

Սառայի մահն ալ շատ ողբերգական եղած է։ Երբ ան գերեզմանոց կ­­՛երթար, անոր բարեկամները, որոնք չէին հաւատար, որ Սառան մահմետական է, կը յարձակին անոր վրայ՝ ըսելով, որ եթէ դուն ալ իսլամ ես, ապա նամազ ըրէ։ Սառան համաձայնելով՝ կը մտնէ նամազ ընելու, որմէ անմիջապէս ետք ուղեղի կաթուած կը ստանայ եւ կը մահանայ։

Սառային պատմութիւնը աւարտելէ ետք, մտաւորականը յայտնած է, որ այս պատմութեան մէջ «վատերը»՝ Այըփ աղան ալ, այս պատմութիւնը իրեն պատմողներն ալ իր բարեկամներն եղած են։

«Սխալ է, որ վնաս կրածները գան եւ ըսեն. «Մենք վնաս կրած ենք»։ Յանցագործները, երբ ըսեն, մենք մարդասպան ենք, այդ ժամանակ անցեալի վէրքերը պիտի բուժուին», ըսած է Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու։

Նախորդը

Թուրքիոյ Իսլամացած Հայերը Կարծէք Քաւարանի Մէջ Ապրած Են. «Հիւրրիյէթ»

Յաջորդը

Հայրենիք. Խմբագրական. Իսլամաց(ու)ած Եւ Թրքաց(ու)ած Բնակչութիւն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.