Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Խե՜ղճ Սանիօ…

November 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Naderev-SanoԼեհաստանի մայրաքաղաքին՝ Վարշաւայի մէջ, երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ միջազգային խորհրդաժողովի մը, որ համախմբեց կենսոլորտի «հիւանդութեամբ» տագնապող մասնագէտներ՝ ՄԱԿ-ի եւ հզօր ու ոչ հզօր պետութիւններու ներկայացուցիչներ։ Առաջին անգամը չէ, որ նման խորհրդաժողով կը գումարուի երկիրներու եւ ցամաքամասերու սահմաններ չճանչցող տագնապին լուծում բերելու ձգտող միջազգային համաձայնագիր մը գոյացնելու նպատակով, սակայն այս անգամ խորհրդաժողովը կը բացուէր այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի աչքերը ուղղուած էին դէպի Ֆիլիփփինեան կղզիներ, որոնք միայն երկու օր առաջ կրած էին պատմութեան ամէնէն սաստիկ մրրիկին հարուածը։ «Հայան» մրրիկը, որ հարուածը կրող գօտիին մէջ ծանօթ է նաեւ «Եոլանտա» անունով, օդերեւութաբաններու եւ կենսոլորտի մասնագէտներու կողմէ միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ մարդկութիւնը պատուհասող այս տեսակի ցարդ ամէնէն մեծ աղէտը, որ յայտնապէս որոշած է շուքի մէջ ձգել Նիւ Եորքը, Նիւ Օրլիընզը եւ դեռ տարբեր երկրամասեր հարուածած աղէտալի մրրիկները։

Վարշաւայի խորհրդաժողովը չէր կրնար աւելի «նպաստաւոր» պայմաններու մէջ բացուիլ բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներէ ի վեր կ՛ահազանգեն մարդկութեան սպառնացող նման պատուհասներու մասին։ Վարշաւան անխուսափելի կերպով դարձած է ահազանգի նորագոյն բեմը, ուր անգամ մը եւս կը շեշտուի, թէ մարդկութիւնը բռնած է «իր նստած ճիւղը սղոցելու» ճամբան, այս ընթացքով կենսոլորտային նմանօրինակ աղէտներ պիտի դառնան աւելի յաճախակի եւ աւելի՛ սաստիկ։ Իսկ «Հայան»-ին հետեւանքներուն հաշուեկշիռը կրնայ շաբաթներ տեւել։

Խորհրդաժողովի բեմէն հնչած ամէնէն սրտառուչ ահազանգը տրուեցաւ նոյնինքն Ֆիլիփփինեաններու ներկայացուցիչին կողմէ. Նատերեւ Սանիօ (լուսանկարին մէջ ձախին) մարտահրաւէր ուղղեց աշխարհին, յատկապէս՝ ճարտարարուեստի այն մեծերուն, որոնք կը յամառին կոյր ու խուլ ձեւանալ ահագնացող տագնապին դիմաց, բացարձակապէս նիւթական շահերու հետամտութեան բերումով կ՛աշխատին իրազեկները հաւատացնել, թէ կենսոլորտի ապականումը եւ ջերմացումը կապ չունին նման բնական աղէտներու հետ։ Յատկապէս նման շահամոլներուն էին ուղղուած Սանիոյի խօսքերը, երբ փղձկելով կը յայտարարէր, որ ինք կը խօսի անոնց անունով, որոնք այլեւս խօսելու կարողութիւն չունին, որբացած են «Հայան»-ին պատճառով, կամ կը ճգնին օգնութիւն հասցնելու աղէտեալներուն։ Իսկ մարտահրաւէ՞րը։ Ան յայտարարեց, որ այդ վայրկեանէն սկսեալ կը դադրի սննդեղէն ընդունելէ, ինչպէս քանի մը օրէ ի վեր կ՛ընէր իր եղբայրը՝ մրրիկին հարուածը կրող շրջանին մէջ, սպասելով, որ Վարշաւայի խորհրդաժողովը շօշափելի արդիւնքներու հասնի, որդեգրուին հաւաքական ինքնասպանութենէ ետ կանգնելու միջոցառումներ։

Կարելի՞ է չյարգել նման յանդգնութիւն, անձնազոհութիւն, որուն կը ձեռնարկէ ֆիլիփփինցի երիտասարդ մը՝ ի խնդիր մարդկութեան դիմագրաւած մէկ լուրջ տագնապին դարմանումին։

Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նաեւ խղճալ Սանիոյին ու նմաններուն, որոնք բարիք կ՛ակնկալեն աշխարհն ու կեանքը միայն նիւթական շահերու ակնոցով դիտողներէ։ Խե՜ղճ երիտասարդ. ան հաւանաբար գիտէ, որ քարիւղի, հանքածուխի ճարտարարուեստի վարիչները, լայնատարած անտառներ փճացնողները մազաչափ մ՛իսկ հոգ չեն ըներ ի տես նման աղէտներու պատճառած տասնեակ հազարաւոր զոհերուն, միլիոնաւորներու վնասուելուն, ամբողջ քաղաքներու եւ բնակավայրերու փճացման։ Նատերեւ Սանիօ մը եւ անոր պէս հազարաւորներ կրնան բողոքի հացադուլի դիմել, իրենք զիրենք սովամահութեան հասցնել կամ հրապարակներու վրայ ողջակիզումի դիմել, իսկ ճարտարարուեստի վարիչները հաւանաբար քմծիծաղով դիտեն նման «պարզամիտ»-ները։ Չէ՞ որ խորհրդաժողովին բացումէն առաջ իսկ «մարգարէութիւններ» կը կատարուէին, թէ Վարշաւան ալ պիտի անցնի Քիոթոյի յաջորդներուն ցանկին, «մեծերը» պիտի վիժեցնեն համախոհութեան ամէն փորձ։

Իսկ աղէտներու հարուածները կրող զանգուածները ըսելիք չունի՞ն, երբ կը տեսնեն, որ մարդկութեան գլխուն վերեւ մազէ կախուած դամոկլեան սուրը հետզհետէ կը ծանրանայ, եւ մազը կրնայ չդիմանալ ծանրութեան…

11 նոյեմբեր

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 31

Յաջորդը

«Մեր Ամբողջ Հայութիւնը Պիտի Միաբանուի, Հաւաքական Դառնայ, Որովհետեւ Ուրիշ Ճանապարհ Չունենք» Ասում Է Նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.