Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Թիւ 7

November 12, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի (ՍՇՕՎՄ) աշխատանքները յուլիս 2013-ին մէկ տարուան ժամանակաշրջան բոլորեցին։

Ահազանգող պայմաններու, վտանգաւոր կացութիւններու եւ սարսափազդու սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ, սուրիահայութիւնը ամրապնդեց միասնականութեան սկզբունքով առաջնորդուող իր գոյերթը։

Սուրիահայութիւնը ապրեցաւ դէպքերով, յուզմունքով, տառապանքով, սակայն մաքառումով, աշխատանքով ու բարեգործութիւններով լեցուն տարի մը։ Սուրիահայ համայնքը ապացուցեց, որ յանուն իր Ֆիզիքական գոյութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման, կարողութիւնը ունի անգամ ամենաժանտ պատուհասները յաղթահարելու։

Այսպէս, սննդեղէնի, առողջապահական, մարզերուն, ապահովական  եւ կրթական մարզերուն մէջ բոլոր ճիգերը ի գործ դրուեցան ժողովուրդին կարիքներուն սատար հանդիսանալու համար։ Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինները ընդհանրապէս եւ Հալէպի Գործադիր մարմինը մասնաւորապէս ծառայութիւններ մատուցեցին վիրաւորին, անօթեւանին, գործազուրկին եւ ընդհանրապէս կարիքաւորին։ Այս ընթացքով Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինն ու գործադիր մարմինները ծանր, բայց նուիրական աշխատանքով յատկանշուած տարի մը բոլորեցին։

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, բաղկացած համայնքի ներկայացուցիչներէն, գործելով կատարեալ համերաշխութեան եւ լրջախոհութեան մթնոլորտի մէջ, իր աշխատանքով խտացուց համահայկական կամքի հզօրութիւնը եւ միասնականութեան դրսեւորման  լաւագոյն վկան հանդիսացաւ։

Տարուան մը ընթացքին աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները փորձեցին հոգեպէս թէ նիւթապէս մեզի հետ կիսել մեր ցաւն ու տառապանքը, ոմանք սփոփիչ արտայայտութիւններով, ոմանք քարոզչական գործով, ոմանք նիւթական ներդրումներով։

Աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ կազմուեցան Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմիններ, որոնք սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարեցին։

Մեր ժողովուրդը տոկաց։ Տոկաց ու բարձր պահեց իր արժանապատուութիւնը, իր հոգեկան ու նիւթական արժանիքները։

Այսօր, տակաւին սաստկօրէն շարունակուող դժուար կացութեան, ծանր պայմաններուն եւ ժողովրդային կենսական բազմապատկուող կարիքներուն ու մեր սահմանափակ կարողութիւններու իրավիճակին մէջ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան աշխատանքները կը յարատեւեն, կը յարատեւեն նաեւ սուրիահայութեան իբրեւ համայնք՝ նախ եւ առաջ մարդկային արժէքի եւ երկրորդ՝ հոգեւոր ու նիւթական արժէքներու տէր կանգնումին եւ պահպանման աշխատանքները։

Մէկ տարուան ընթացքին նուիրապետական երկու աթոռներու՝ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց ճամբով, թեմերէ, զանազան շրջաններէ, մարմիններէ եւ անհատ հայորդիներէ ՍՇՕՎՄ-ը ցայսօր ստացած է մօտաւորապէս 1.700.000 (մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար) տոլար։

Այսօրուան պայմաններուն մէջ, ապահովական, առողջապահական, սննդեղէնի, բնակարանային նորոգութեան եւ կրթական մարզերուն մէջ, ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցելու համար ՍՇՕՎՄ-ը ամսական դրութեամբ կարիքը ունի 150.000 տոլարի (հարիւր յիսուն հազար)։

Շնորհակալութիւն անխտիր բոլոր նուիրատու կողմերուն, որոնք օժանդակեցին եւ կը շարունակեն օժանդակել Սուրիոյ հայութեան։

Շնորհակալութիւն մեր ժողովուրդին՝ իր աստուածահաճոյ վարմունքին ու համբերատար վերաբերմունքին համար։

Վարձքը կատար Սուրիոյ տարածքին գործող Շտապ օգնութեան գործադիր մարմիններուն։

Կը յուսանք, որ սուրիական հայրենիքի երկինքը կրկին կը խաղաղի, մեր վէրքերը կը սպիանան, վերականգնումի երթը սկիզբ կ՛առնէ, եւ խինդ ու կորովը կրկին սուրիահայութիւնը յատկանշող գիծեր կը դառնան։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի Փոքրիկները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 86-րդ Լսարան. Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան Զեկուցեց «Ճշմարտութեան Սլաքը Պատմական Փորձին Եւ Պատմագիտութեան Միջեւ» Նիւթին Շուրջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.