
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ մաս կը կազմէ Անժի Մախաչքալայի, կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ Թրոմսոյի դէմ (Նորվեկիա) տեղի ունեցած մրցումին (1-0) նշանակեց մրցումին միակ կոլը (90-րդ)։
Այս մրցումը կ՛իյնայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ։
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Անժի կը գրաւէ Ի. խմբակին երկրորդ դիրքը՝ 7 կէտով։
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Թոթենհամ, որ ունի 12 կէտ։


