Երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 2013, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորները լիակատար նիստերու, խմբակներու, յանձնախումբերու եւ զանազան քննարկումներու մէջ շարունակեցին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել:
Առաւել, ուրբաթ, 1 նոյեմբերին, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Թենի Սիմոնեան Հունգարիոյ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ նախագահ Կուսթաւ Պոլշքէյ եպիսկոպոսին հետ հանդիպում մը ունեցան ու հայ եկեղեցւոյ եւ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ փոխյարաբերութիւններուն եւ միջեկեղեցական գործակցութեան կապուած կարեւոր հարցեր քննարկեցին:
Նոյն օրը, Նարեկ սրբազան եւ Անուշաւան սրբազան Հռոմէական կաթողիկէ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուներուն` Պրայըն Ֆարել եպիսկոպոսի եւ դոկտ. Ալիսըն Պառնեթի հետ հանդիպեցան եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու անոնց եկեղեցիներուն հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններուն առնչուած կէտեր քննարկեցին: Իսկ Սեպուհ սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու պատասխանատուութիւնը կրող հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու հետ:
Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 նոյեմբերին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորները մասնակցեցան Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի բաժանման սահմանագիծէն անցնող շոգեկառքի «խաղաղութեան ուխտագնացութեան» եւ ապա Սէուլի զանազան եկեղեցիներուն մէջ կատարուած կիրակնօրեայ աղօթքներուն ներկայ գտնուելով իրենց քրիստոնէական ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին:
Երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին, Թենի Սիմոնեան եւ Իրմա Պալեան «Բազմակրօնութիւնը Եւրոպայի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը տուին` Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող եւրոպացի քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկանող կիներու միջկրօնական դաստիարակութեան ու համակեցութեան ծրագիրը ներկայացնելով:
Նոյն օրը, քրիստոնեայ երիտասարդներու հաւաքի ընթացքին, Նազելի Գանտահարեան եւ Ակաթա Աբրահամեան դասախօսեցին Անթիլիասի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան եւ Թեհրանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբի գործունէութիւններուն մասին` հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական եւ կրօնական դաստիարակութեան բնագաւառները լուսարձակի տակ բերելով: Իսկ Քրիսթին Արզումանեան կենսոլորտի մաքուր պահպանման կլոր սեղանի զրոյցի մը մասնակցեցաւ:
Նոյն իրիկունը, Նարեկ սրբազան, Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ընտանիքներու Քարտուղարներու համախմբումի ատենապետի հանգամանքով, ներկայ գտնուեցաւ Քարտուղարներու համախմբումի ընթրիքին, որուն ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ողջոյնները եւ յաջորդ ժողովը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարելու հրաւէրը:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն եւ այլապէս համաժողովի մասնակիցները յատուկ գնահատանքով յիշեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին ստանձնած 15 տարիներու գերագոյն պատասխանատուութիւնը իբրեւ ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ անոր շարունակուող զօրակցութիւնը խորհուրդի աշխատանքներուն:


