Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճար. Շարժանկարի Ցուցադրութիւն Եւ Զրոյց

November 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս.  Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն եւ զրոյց` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Վարչութեան անդամ Սեւան Ադամեան ներկայացուց հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի կենսագրութիւնը եւ անոր գեղանկարչական ու գրական գործերը:

Հայր Յարութիւն, որ վերջերս ժամանած է  Փարիզէն, պատմական ակնարկով մը ներկայացուց հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանէն քրիստոնէութիւն փոխանցումը, որ կատարուեցաւ խաղաղ միջոցներով, հակառակ Հայաստանի ունեցած զինուորական ուժին:

Ան խօսեցաւ այն հայ կրօնաւորներուն եւ ժողովուրդին մասին, որոնք իսլամացած են Օսմանեան պետութեան բռնագրաւումին ներքեւ` տուրքերու եւ բռնութեան պատճառով:

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող վարդապետարաններուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր վանք ունէր յատկութիւն մը, հոն հարիւրաւոր աշակերտներ տարբեր շրջաններէ գալով կը տիրապետէին տարբեր նիւթերու եւ մասնագիտութիւններու:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է վանքերու եւ եկեղեցիներու նկատմամբ ունենանք յարգանք, որովհետեւ անոնք կը խորհրդանշեն հայութեան ինքնութիւնը ներկայացնող առաքեալները:

Վարդապետը անդրադարձաւ միջնադարու հայկական համալսարաններուն, անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս Գլաձորի եւ Տաթեւի համալսարաններուն, ուր կ՛ուսանէին հարիւրաւոր աշակերտներ` հայկական տարբեր շրջաններէ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու հայր Պզտիկեանի, ինչպէս նաեւ վայելելու անոր գեղանկարչական գործերը, որոնք դրուած էին ցուցադրութեան:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ֆութպոլի Խումբը Տիրացաւ «Աբօ Նենեճեան» Ֆութպոլի Մրցաշարքի Բաժակին

Յաջորդը

Հայ Լրագրողներ Կ՛այցելեն Տիգրանակերտի Քաղաքապետին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.