Հայկազեան համալսարանի «Մշակութային ժամ»-ի ընթացիկ տարուան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ մշակութասէր ազգայիններու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն տոքթ. Արտա Էքմեքճի: Անգլերէնով բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` տոքթ. Էքմեքճի նշեց, որ 2013-2014 կրթական տարեշրջանի «Մշակութային ժամ»-ի առաջին ձեռնարկը յատկացուած է իւրայատուկ նիւթի մը` «Անվտանգութիւն եւ ճգնաժամային կառավարում» խորագիրով: Ապա ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը` Կրեկուար Սուքիասեան, «որուն Համատարած Տագնապ» (քրիզ մաժէօր») ֆրանսերէն գիրքը լոյս տեսաւ այսօր Ֆրետերիք Բերրենի հետ միացեալ խմբագրութեամբ»: Տոքթ. Էքմեքճի սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ նշեալ գիրքին բովանդակութեան հիմնական գլուխները, ապա ան բեմ հրաւիրեց գիրքին հեղինակը` Կրեկուար Սուքիասեան:
Նիւթին առնչակից տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ ներդաշնակ երաժշտութեան մթնոլորտի մէջ, Սուքիասեան աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ` մերթ ընթ մերթ առիթ տալով ներկաներուն, որ իրենց հարցադրումները կատարեն:
Հաստատութեան մը, անհատի, հաւաքականութեան թէ տուեալ իրավիճակի մը սպառնացող վտանգները եւ անոնց նախանշանները վերլուծող ու յետտագնապեան փուլին վերակենդանացման հոլովոյթը բնորոշող միջոցառումը հազուադէպ եւ իւրայատուկ մօտեցում է յատկապէս մեր շրջաններուն մէջ: Սուքիասեան կեդրոնացաւ այս միջոցառումին վրայ` ներկայացնելով անոր դրդապատճառները, հեղինակները, հետեւանքները եւ անոնց յաղթահարման կարելիութիւնները: Ան հանգամանօրէն թուեց տագնապներու կամ աղէտներու խթան հանդիսացած ազդակները: Անոնք կրնան ըլլալ ներքին թէ արտաքին պատճառներով: Անոնք կրնան ըլլալ բնական աղէտներ, ինչպէս` երկրաշարժ, մրրիկ, ցունամի, ջրհեղեղ, հրդեհ, համաճարակ եւ այլն: Կրնան պատահիլ նաեւ աղէտներ` մարդոց դիտումնաւոր կամ անգիտակցաբար գործած մէկ սխալին պատճառով, ինչպէս` հսկայ հաւաքականութեան մը ապահովութեան կամ ապրուստին առնչուող հոլովոյթի մը խանգարումը, ձախողութիւնը եւ այլն: Անգլերէնով ներկայացուցած իր դասախօսութեամբ Կրեկուար Սուքիասեան տեսերիզի նկարներուն զուգահեռ ներկայացուց զանազան աղէտներու պարագաներ եւ անոնց պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: Ապա ան բացատրեց, թէ ինչպէս մարդկային թէ Աստուածային (երկրաշարժ, ցունամի…) աղէտներու յառաջացուցած մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել: Տեսական եւ գործնական վարկածներն ու թելադրանքները ներկայացնելով` Սուքիասեան ընդգծեց վերակենդանացման ու գոյատեւման յանգող հանգրուանի հիմնական քայլերը, որոնք կ՛առաջնորդուին հետեւեալ հիմնական հարցադրումներով.
– Ո՞վ պէտք է ձեռնարկէ վերակենդանացման աշխատանքին:
– Ի՞նչը պէտք է վերակենդանացուի` հաստատութիւ՞նը, արկածահար շրջա՞նը…
– Ո՞ւր կամ ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ վերակենդանացումի աշխատանքը:
– Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է ձեռնարկել վերակենդանացումի հոլովոյթին:
Հաստատութիւններուն համար հիմնական է, թէ ի՛նչ կը կորսնցնէ, իր քսա՞կը, վա՞րկը, պաշտօնէութի՞ւնը: Այս եւ նման հարցադրումներով տուեալ հաստատութեան կամ շրջանի ղեկավարներ կը ծրագրեն վերակենդանացումի քայլերը, ուր հիմնական է իրենց վարկը:
Սուքիասեան յստակ ցանկագրումներով մանրամասնեց իւրաքանչիւր բաժին` ընդգծելով պատկան կողմերու հիմնական մտահոգութիւնը, թէ` տուեալ աղէտը որքանո՞վ կը վնասէ իր հռչակին, վարկին, որ հիմքն է իր գոյատեւման յաջողութեան:
Ան մէջբերեց Թեքսասի Հիուսթըն համալսարանի 1996-ին կատարած մէկ ուսումնասիրութենէն տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, զանազան աղէտներու պատճառով (11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական գործողութիւնը, «Քաթրին» հողմամրրիկը եւ այլն) հաստատութիւններուն 92 առ հարիւրը դադրած է գործելէ: Ան նաեւ նշեց, Ֆրանսայի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահած այլ օրինակներ:
«Գիտնալով, կռահելով սպառնալիքը, վտանգը, կրնանք վերլուծել զանոնք եւ կանխազգուշական միջոցառումներու դիմել», ընդգծեց Սուքիասեան: Ան խիստ կարեւոր նկատեց ապահովութեան, առողջութեան եւ վերակենդանացման աշխատանքի ծրագրումը` մանրամասնելով իւրաքանչիւր հանգրուանի համապատասխան անհրաժեշտ քայլերը: Աւարտին ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` նշելով Ճափոնի օրինակը, որ մնայուն ձեւով ապրած է երկրաշարժի սպառնալիքի մտահոգութիւնը եւ առ այդ կանխամիջոցներու դիմած:
Ան ընդգծեց նաեւ այն պարագան, երբ միաժամանակ մէկէ աւելի աղէտներ կը զուգադիպին` համատարած տագնապ ու մեծ մարտահրաւէրներ յառաջացնելով:
Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւ՞նն ալ մարդկային աղէտ էր, որ անշարժացուց հարիւրաւոր հաստատութիւններ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը` Սուքիասեան ըսաւ. «Ես պատմագէտ չեմ, սակայն Ցեղասպանութեան նախանշանները արդէն առկայ էին 1895-ի ջարդերով ու նման դէպքերով, եւ դիւրին չէր նախապատրաստել ամբողջ ժողովուրդ մը նման աղէտի դէմ: Պատահածը մէկ անհատի պատահական սխալը չէր, այլ անիկա ծրագրուած ու դիտումնաւոր կերպով կազմակերպուած էր տասնեակ մը ղեկավարներու կողմէ: Հոս Թուրքիան մտահոգողը իր վարկն է, հռչակը յաչս մարդկային հանրային կարծիքին», դիտել տուաւ Սուքիասեան:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Ֆրետերիք Փերրենի եւ Կրեկուար Սուքիասեանի միացեալ խմբագրութեամբ լոյս տեսած «քրիզ մաժէօր» գիրքին մակագրութեամբ:
–


