Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ»` ՏԱՐԲԵՐ ԳՈՅՆԵՐՈՎ, ՁԵՒԵՐՈՎ ԵՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՎ

June 16, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արա Ազատի ստեղծագործութիւնը

«Մէկ նիւթ, 49 տեսակէտ. վերածնունդ. հասկացողութիւն մը, որ լի է յիշողութիւններով` ներկայ եւ ժառանգուած, արտայայտութիւններով` անձնական, ընկերային, պատմական, անիկա միջոց է, որ արուեստին ու արուեստագէտներուն առիթ կու տայ իրենց զգացումներն ու յոյզերը արտայայտելու»: Այս գրութիւնը եւ «Վերածնունդ» խորագիրը կրող հաւաքական ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտներուն անունները զետեղուած են «Պէյրութ էկզիպիշըն սենթըր»ի մուտքի դարպասին վրայ: Այս բացատրութիւնը կարդալէ ետք անոր դրսեւորումն ու արտայայտութիւնը կը տեսնես ներսը զետեղուած պաստառներուն, համադրական ստեղծագործութիւններուն, քանդակներուն եւ այլ իւրօրինակ ու այս առիթով առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուող արուեստի գործերուն ընդմէջէն: Հետաքրքրական ձեւերով, տարբեր միջոցներով` թուղթեր, աւելներ, տուփեր, գործիքներ, կերպասներ, լոյսի սարքաւորումներ, երկաթներ եւ այլն, վերածնունդը կը պատկերուի արուեստասէրին աչքին դիմաց` արուեստագէտին ուրոյն ոճին ընդմէջէն անոր փոխանցելով պատգամ մը: Իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան կողքին զետեղուած է այդ պատգամը, որ նաեւ ունի դրդապատճառ նման գործ մը լոյս աշխարհ բերելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու:

Դալար Աղպաշեանի պաստառը

49 արուեստագէտներուն կարգին են երկու հայեր` Արա Ազատ եւ Դալար Աղպաշեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տարբեր մօտեցումներով, ներաշխարհէն բխած գաղափարներով վերածնունդը կը հրամցնէ արուեստասէրներուն: Արա Ազատ շեշտը կը դնէ մշակութային ժառանգութեան վրայ, որմէ կը ծնի գաղափարը իր համադրական ստեղծագործութեան, որ կը ներկայացնէ մարդու ծնունդի նախօրեակին սերմին կատարած ճամբորդութիւնը, ուր ազգութիւններու, երկիրներու եւ միջավայրերու այլազանութիւնն ու խառնակութիւնը կը ստեղծէ շփոթալի վիճակ մը: Արայի գործը  միջավայրերու այդ բազմազանութեան վրայ կը դնէ շեշտը եւ կը ներկայանայ ուրոյն խորքով եւ գեղեցկութեամբ:

Դալար Աղպաշեան իր պաստառը կը բաժնէ երկու միացող, սակայն անջատ բաժիններու, ուր ի յայտ կու գան երեւակայածինն ու իրականութիւնը. երեւոյթներ, որոնք միշտ առկայ են մարդուն մօտ: Ան կը շեշտէ, որ պատմութիւնը անպայման անցեալին չի պատկանիր, այլ անիկա մեր կեանքին ընթացքին անպայման կ՛արտացոլայ եւ իր ներդրումը կ՛ունենայ:

Միւս արուեստագէտներուն ներկայացուցած գործերուն մէջ շեշտուած կերպով կ՛երեւէին պատերազմը, ժողովուրդներու դատերը, յատկապէս Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ մարդոց կրած չարչարանքը, որոնցմէ դուրս գալը արդէն վերածնունդ է: Արուեստի գործ մը կը բաղկանայ մեծաթիւ աւելներէ եւ թուղթերէ, որոնց վրայ գրուած են` բռնութիւն, ռումբ, աւերակ եւ այլն: Արուեստագէտը կը հաստատէ, որ աւլելը թէեւ կեանքի ամէնէն բնական բանն է, սակայն անիկա տարբեր իմաստ ու խորք կը ստանայ, երբ կը միտի հաւաքել ու վերցնել պատերազմին ու քանդուած տուներուն հետքերը: Գործերէն իւրաքանչիւրը ունի իր հետաքրքրական մօտեցումն ու մատուցման ձեւերը, սակայն բոլորին մէջ տիրականը կեանքն է, որովհետեւ խորագիրը վերածնունդն է, որուն հաւատալով կարելի է հասնիլ բարձր նպատակներու:

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 24 յուլիս 2011, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Պիել»ի մուտքին գտնուող «Պէյրութ էկզիպիշըն սենթըր»ի մէջ:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԱՊԱՀԵՔԵԱՆԸ

Յաջորդը

«ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆԻ «ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ, ՈՐԱԿ, ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԶՐՈՅՑ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.