Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահէն

October 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ո՞վ է Վահէն: Պէրպէրեան Վահէն:

Բազմաթիւ մարդոց համար «Մենախօսութեան վարպետը», ուրիշներու համար` դերասանը,  բեմադրիչը, վիպագիրը, գեղանկարիչը, իսկ ինծի համար` այս բոլորը, առաւել` անկեղծ բարեկամ մը:

Վահէին հետ բարեկամութիւնս կ՛երթայ քանի մը տասնեակ տարիներ ետ: Պէյրութի «Փորձառական թատրոն»-ի անդամ էինք երկուքս ալ: Ինք` դերասան, իսկ ես` միշտ բեմի ետին, քուլիսային աշխատող, որպէս երաժշտական բաժինի պատասխանատու:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսած է: Առաջին գաղթողներէն եղան թատերախումբի սիւներէն Վահէ Պէրպէրեանը եւ Արա Մածունեանը: Վահէն նախ հաստատուեցաւ Քանատա, ապա, կարճ ժամանակ ետք, չդիմանալով ցուրտ օդին, շունչը առաւ տաքուկ Քալիֆորնիա:

Քանատա գտնուած կարճ ժամանակամիջոցին ներկայացուցած է իր իսկ գործերէն «Գիշերուան այցելուն», որ արժանացած է երեք մրցանակներու:

Հազիւ Լոս Անճելըս հաստատուած` քանի մը ընկերներով հիմնած է Լոս Անճելըսի «Փորձառական թատրոնը»` միշտ իր կողքին ունենալով իր կողակիցը` Պեթին, իբրեւ բեմադրութեան օգնական, եւ Լիբանանի օրերէն մօտ ընկերը` Արա Մածունեանը: Իր իսկ գրութիւններէն ներկայացուցած են «Վարդագոյն փիղը», «Աւազախրում», «200», «Պարոն Կարպիս» եւ «Կեանք» թատերախաղերը, որոնք բոլորն ալ անխտիր արժանացած են թատերասէր հասարակութեան գնահատանքին: Յիշենք, որ «Վարդագոյն փիղը» թարգմանուած է անգլերէնի եւ բեմականացուած` Լոնտոնի, Սաքրամենթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է յունարէնի եւ ներկայացուած` Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ:

Լոս Անճելըսի մէջ ուսանած է լրագրութիւն եւ աւարտած` բացառիկ յիշատակութեամբ, սակայն Վահէին նպատակը լրագրող ըլլալ չէ,  իր իսկ խօսքերով` «Լրագրութիւն ուսանեցայ պարզապէս անգլերէն լեզուս զարգացնելու նպատակով», քանի որ միշտ մտքին մէջ ունեցած է անգլերէնով գրել թատերախաղեր եւ շարժանկարի համար կտորներ:

Եւ յաջողեցաւ: Վահէն որքան որ հանրածանօթ է հայերու մօտ, նոյնքան յայտնի դէմք է ամերիկեան ֆիլմարուեստի շրջանակներու մէջ: Փոքր դերեր վերցուցած է աւելի քան 30 ամերիկեան ժապաւէններու մէջ: Վահէն, ինչ որ ընէ, լաւը կ՛ընէ: Իր քով միջակութիւն բառը գոյութիւն չունի: Վերջերս ամերիկեան շարժապատկերի մը մէջ դեր վերցուցած էր` որպէս ուտ նուագող, սակայն չուզեց պարզապէս մատները շարժելով ձեւացնել, թէ ուտ կը նուագէ: Երկար աշխատեցաւ եւ նուագել սորվեցաւ այդ բաւականին դժուար գործիքը: «Մէյ մը, որ սկսայ նուագել այդ գործիքը, որ ժամանակին մտքիս ծայրէն իսկ չէի անցըներ, կարծես սիրահարեցայ այդ գործիքին, եւ ձեռքէս վար չեմ կրնար ձգել»:

Լոս Անճելըսի մէջ մնայուն թատրոն պահել դիւրին գործ չէ, սակայն Վահէն երկար տարիներ կրցաւ ժողովուրդին ներկայացնել հիանալի թատերական կտորներ` շրջապատուած տաղանդաւոր դերասաններով, ապա,  տասնեակ մը տարիներ առաջ, սկսաւ պատրաստել մենախօսութիւններու շարք մը, որ անհաւատալի ընդունելութեան արժանացաւ ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլ համայն աշխարհի մէջ, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունի: Իր մենախօսութիւններէն կարելի է յիշել «Եւ այլն», «Նաեւ», «Տակաւին», «Սակայն», իսկ նորագոյնը` «Եթէ»-ն:

Անոնք մեր առօրեան կը ներկայացնեն, այնքան պարզ, սակայն իրականութեան մէջ` այնքան խորունկ կերպով: Բոլորին նիւթերը առնուած են մեր առօրեայ կեանքէն: Շատ անգամ կը խօսի իր մօրը մասին, Վահէին մայրը իսկական հայ մօր մը տիպարն է, բարի ու միամիտ: Կը խօսի իր հօրը մասին:

Հայր ու տղայ բնաւորութեամբ եւ ապրելակերպով այնքան տարբեր են իրարմէ:  Վահէն մինչեւ մէջքը երկար հիւսուած մազերով, մատներուն քանի մը մատանիներով, ականջներուն` օղ, իսկ պարոն Րաֆֆի` Վահէին հայրը,  նոյնիսկ իր տան մէջ միշտ ճերմակ շապիկ հագած եւ փողկապը վիզը: Սակայն հայր ու տղայ ունին նոյն հետաքրքրութիւնը` հանդէպ հայ գրականութեան:

Վահէ Պէրպէրեան վիպասանը: Երկու սքանչելի հատորներու հեղինակն է Վահէն: «Նամակներ Զաաթարէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ»:

Երկու հատորներն ալ լեցուն են «հիւմուրով» եւ գրուած են մաքուր գրական լեզուով: Անոնք պարզ վէպեր չեն, փիլիսոփայութիւն են եւ կեանքը ներկայացուած է ամենայն մանրամասնութեամբ: Երկու հատորներն ալ սպառած են, եւ «Նամակներ Զաաթարէն»-ին երկրորդ հրատարակութիւնը վերջերս լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, իսկ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» թարգմանուած եւ հրատարակուած է թրքերէն, Պոլսոյ մէջ: «Տարիներ առաջ առաջարկեցին թարգմանել այս գործս, սակայն պայման դրին,  որ «ցեղասպանութիւն» բառը վերցնեմ», կ՛ըսէ Վահէ աւելցնելով` «Ստորակէտ մը նոյնիսկ հրաման չեմ տար, որ փոխէք, ուր մնաց վերցնել ցեղասպանութիւն բառը»:

Գործը թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յար եւ նման բնագիրին:

Գեղանկարիչը: Վահէ իր իւղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Լոս Անճելըսի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ: Վերացական են բոլորը: Ինծի համար` անհասկնալի: Օր մը, երբ Վահէի տունն էի, «Վահէ, քու բոլոր գործերդ կը հաւնիմ ու կը գնահատեմ անխտիր, սակայն իբրեւ անկեղծ բարեկամ, խոստովանիմ, որ իւղանկարներէդ շատ բան չեմ հասկնար»:

Ժպտաց: Միասին գացինք իր արուեստանոցը: Քանի մը բացատրութիւններ տուաւ  իր  գծագրութիւններուն մասին եւ … ամէն ինչ յստակացաւ: Լման գիրք մը գրուած է այդ մէկ հատիկ իւղանկարին մէջ: Խօսուն պատմութիւն մըն է:

Վահէին հետ շատ չենք տեսնուիր: Բազմազբաղ է: Շատ կը ճամբորդէ, սակայն իրարու հետ միշտ կապի մէջ ենք` ըլլա՛յ ե-նամակով, ըլլա՛յ հեռաձայնով:

Մեր հեռաձայնային խօսակցութիւնը միշտ կը սկսի «ղուրպան»-ով ու կը վերջանայ «պաչիկներ»-ով:

Ով է Վահէն, Պէրպէրեան Վահէն:

Էութեամբ  ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ  Վահէն:

 

Լոս Անճելըս, 2013

Նախորդը

Հալէպէն Արժէքներ. «Յովսէփին Երազը…»

Յաջորդը

Ֆրանսական Ակումբները` Ընդդէմ Երկրի Կառավարութեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.