Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Քուլիճ Եւ Հայ Որբերու Նուիրած Գորգը» Գիրքի Ներկայացում

October 29, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, հոկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցաւ տոքթ. Յակոբ Մարթին Տերանեանի անգլերէն լեզուով լոյս տեսած «Նախագահ Քալվին Քուլիճ եւ հայ որբերու գորգը» (President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug) գիրքին ներկայացումը, Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոնին (Մասաչուսէց) մէջ:

Աւելի քան ութսուն անձեր համախմբուած էին հիմնարկի կեդրոնին մէջ: Բացման խօսքը կատարեց Կեդրոնի նախագահ Ռապըրթ Մայրաք, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հայասէր եւ յատկապէս հայութեան համար ծառայած ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու շարքը երկար է: Ան աւելցուց, թէ այս բարեսիրտ անձնաւորութիւններու կատարած արկածախնդրութենէն դար մը անցած է, սակայն անոնց կատարած գործը ցայսօր կը մնայ անմոռանալի: Դիւանագիտական, բարեսիրական եւ երբեմն ալ տնտեսական պարտականութիւններով գործուղուած այս անձնաւորութիւնները զանազան շրջաններու մէջ ականատես եղան զարհուրելի իրադարձութիւններու: Անոնք ականատես եղան բռնագաղթին, ամէն գնով փորձեցին ահազանգ հնչեցնել` տեղեկագիրներ, փաստերով լեցուն թղթածրարներ, փաստագրական լուսանկարներ յղելով: Այս գթասիրտ անձնաւորութիւններէն ոմանք անբախտ դուրս գալով զոհուեցան: Այլ բարեսիրտներ, այնքան մը ազդուած էին պատահածէն, որ չվերադարձան համեմատաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ զիրենք սպասող իրենց ծննդավայրը: Անոնք մնացին որբերուն հետ` հասնելով Սուրիա եւ Լիբանան:

Հիմնարկի պատասխանատու Արա Ղազարեանց, իր կարգին խօսք առնելով յատկապէս անդրադարձաւ զուիցերիացի Եաքոպ «Փափա» Քիւնցլերին, որ իր կողակից «Մամա» Էլիզապէթի հետ կրցած էին հարիւրաւոր որբերու օգնութեան հասնիլ:

Մարդասիրական աշխատանքներու մասնագէտ Հերման Քրիսթի եւ գերմանացի բնագէտ Եոհաննէս Լեփսիուսի կողմէ գործուղուած Ուրֆայի գերմանական «Deutsche Orient-Mission» հիւանդանոց, Քիւնցլեր շուտով շրջանի սովորութիւններուն, ապրելակերպին եւ զանազան լեզուներու (հայերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ թրքերէն) կը տիրապետէ եւ կը դառնայ կեդրոնական տիպար մը: Ան իր կողակիցին հետ կառչած կը մնայ աշխատանքին այնքան, որ երբ 1922-ին վերոյիշեալ հիւանդանոցը կը փակուի, նուիրուած իր սուրբ աշխատանքին, կը շարունակէ գործել Սուրիոյ, ապա Լիբանանի մէջ, 1923-էն մինչեւ 1949:

Հակառակ տիրող դժուարութիւններուն եւ յատկապէս թուրք պետութեան յարուցած խոչընդոտներուն, ան հայրական գուրգուրանք ցուցաբերեց հայ որբերուն նկատմամբ:

Անոնք յաջողեցան ութ հազար որբեր փոխադրել Սուրիա, ապա Լիբանան: Իրենց համար դժուար էր պարտականութիւնը, յատկապէս հայրական եւ մայրական պարտականութիւնը, նոյնքան բծախնդրութեամբ կատարել հազարաւոր պատանիներուն հանդէպ:

Այսպէս, բազմանդամ քիւնցլերեան ընտանիք մը ամերիկեան «Նիր Իսթ Ռիլիֆ» հիմնարկին հովանաւորութեամբ բնակութիւն հաստատեց Լիբանանի Ղազիր շրջանի մէջ, ուր հիւսուեցաւ այդ պատմական գորգը, որ նուիրուեցաւ նախագահ Քալվին Քուլիճի:

Տոքթ. Յակոբ Մարթին Տերանեան ներկայացուց իր գիրքը, միեւնոյն ժամանակ սահիկներու օժանդակութեամբ ցուցադրելով տեսարաններ եւ տալով յաւելեալ մանրամասնութիւններ: Ան յայտնեց, թէ այս գորգի գործարանը գործեց տնօրէնութեամբ Քիւնցլերի եւ հսկողութեամբ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի: Հայ որբերը 18 ամիսներ շարունակ գործելով` վերջացուցած են այդ 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգին աշխատանքը 1924-1925-ի միջեւ: Այս գորգը հիւսուած է չորս միլիոն հանգոյցով, նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը:

1926-ին այս գորգը կը նուիրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քուլիճի` որպէս երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի որբերուն կողմէ` Ամերիկայի ժողովուրդին, որ ամերիկեան նպաստամատոյցին միջոցաւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ հայ որբերուն:

Նախագահ Քուլիճ գորգը կը պահէ Սպիտակ տան «Կապոյտ սենեակ»-ին մէջ, մինչեւ 1928, իսկ անոր նախագահութեան շրջանէն ետք` իր տան մէջ: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ անոր ընտանիքին մօտ, մինչեւ 1983 թուական, երբ գորգը կը վերադարձուի ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ:

Տերանեան յայտնեց, թէ մայիս 19, 1939-ին ի յարգանք իր տարիներու աշխատանքին, Լիբանանի գաղութը յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպած էր Քիւնցլեր ամոլին, ներկայութեամբ հայ թէ օտար հոծ բազմութեան մը: Հայ, տեղացի թէ օտար բանախօսներ վեր առած էին Քիւնցլերի գործունէութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին, Քիւնցլեր գերզգացուած, յայտնած է թէ` «… Որոշեցի ծառայել այդ ժողովուրդին` անկեղծ եղբօր մը նման: Եւ այդ օրէն ի վեր, կը հաւատամ, որ բոլոր բարբարոսական միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին քանդելու եւ ջարդելու համար հայ ժողովուրդը` ձախողած են եւ դատապարտուած են ձախողելու»:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան: Ապա, կատարուեցաւ գինեձօն, ներկայութեամբ Ուաթըրթաունի Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ պատուելի Աւետիս Պօյնէրեանի, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Շնորհակալութիւն յայտնելը իւրայատուկ երեւոյթ մըն է, իսկ այս որբերուն ներկայացուցած շնորհակալութիւնը, իսկապէս յիշատակելի է»:

Ապա կատարուեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Խեղկատակները Չեն Կրնար Հաշուետուութենէ Խուսափիլ

Յաջորդը

Հայ Դատը Սպիտակ Տան Եւ Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Ցուցադրելու Ցեղասպանութեան Որբերուն Գորգը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.