Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ կը գտնուէր Քաթար` շարունակելու համար Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւնները, երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:
Իպրահիմ Քաթարի մէջ հանդիպումներ ունեցած է պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:


