Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական լուրջ տագնապը:
Մախզումի շնորհաւորեց Պըրրին` առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն վերադարձին առիթով, եւ մաղթեց, որ լիբանանեան պետութեան ջանքերը շարունակուին առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներ Եուհաննա Իպրահիմը եւ Պուլոս Եազիժին ազատ արձակելու առումով:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային շահերը կ՛ենթադրեն, որ բոլորը վերջ տան սադրանքներուն եւ գրգռութիւններուն հրահրումին ու լծուին ազգային երկխօսութեան:
Մախզումի կոչ ուղղեց` դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու Պըրրիի պահանջը` խորհրդարանէն:


