Ռուսական «Ռոսպլաթ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին թերահաւատօրէն կը վերաբերի ԱՊՀ երկիրներու հետ մուտքի արտօնագիրներու սահմանման կարելիութեան նկատմամբ: Ըստ Ռուսիոյ ղեկավարին, ատիկա չի կրնար լուծել Ռուսիոյ ներգաղթի բոլոր խնդիրները:
«Մուտքի արտօնագիրներու դրութիւն չկայ: Հարցը այն է, որ զայն սահմանելու պարագային աւելի լա՞ւ պիտի ըլլայ, թէ՞ աւելի վատ: Նոյնպէս բարդ հարց, որովհետեւ փտածութիւնը, որուն մասին այստեղ կը խօսուէր, կրնայ շուկաներէն տեղափոխուիլ սահման», ըսած է Փութին` միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ հարցը այս խնդիրներուն սերտուած, ճիշդ լուծման կը վերաբերի եւ այդ մասին այսօր կը խօսուի:
Նախապէս Վլատիմիր Փութին կ՛ըսէր, որ մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումը կրնայ վանել ԱՊՀ գործընկերները:


