20 հոկտեմբերին երեկոյեան Եղուարդ – Երեւան ճամբուն վրայ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է նշանաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանը: 21 հոկտեմբերի դրութեամբ բժիշկները անոր վիճակը նկատած են կայուն, սակայն տակաւին ծանր: «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու բաժնի պետ Շուշան Յունանեանը նշած է. «Պետրոսեան վիրահատութեան ենթարկուած է, փայծաղը ամբողջութեամբ վնասուած ըլլալով, անջատուած է մարմնէն, լեարդը կարուած է»: Անոր համաձայն, դերասանը այժմ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքը, ուր անոր միացուած է արհեստական շնչառութեան գործիք:


