
Իր լուրը քաղելով Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ Կերի Գասպարով եւ Քիրսան Իլիումժինով իրարու դէմ պիտի պայքարին ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) նախագահի պաշտօնին համար:
Ներկայի նախագահ Իլիումժինով եւ աշխարհի 13-րդ ախոյեանը` Գասպարով, այս շաբաթասկիզբին, Թալինի մէջ տեղի ունեցած ՖԻՏԷ-ի համագումարին ընթացքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին նախագահութեան պաշտօնին:
Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան օգոստոս 2014-ին` ՖԻՏԷ-ին համագումարին ընթացքին, ր տեղի պիտի ունենայ Թրոմսէի մէջ կատարուելիք ողիմպիականին ընթացքին:
Նշենք, որ Իլիումժինով 1995-էն ի վեր ՖԻՏԷ-ին նախագահն է:


