Լիվըրփուլի 32 տարեկան յետսապահ Քոլօ Թուրէ, որուն համար միջազգային ասպարէզը վեց ամիս առաջ գրեթէ աւարտած կը թուէր ըլլալ, անակնկալօրէն հրաւիրուեցաւ Փղոսկրեայ ափունքի ազգային խումբ` մասնակցելու համար Սենեկալի դէմ տեղի ունենալիք 2016-ի մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումին:
Սենեկալի դէմ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 հոկտեմբերին` Ապիճանի մէջ: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քազապլանքայի մէջ` 16 հոկտեմբեր: Երկու մրցումէն յաղթական դուրս եկողը պիտի ապահովէ Պրազիլի իր տոմսը:
Նշենք, որ Փղոսկրեայ Ափունքի մարզիչ Սապրի Լամուշի իր կազմին մէջ նկատի չէր առներ Թուրէն, Տիտիէ Տրոկպան եւ Տիտիէ Զոքորան` աւելի երիտասարդ մարզիկներ նկատի առնելու համար:


