Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Առաջնորդութեան Շրջանի Աւարտի Վերջին Պատգամին Մէջ. «Փորձեցինք Կատարել Ինչ Որ Ճշմարիտ Է Ու Արդար Ժողովուրդին Համար» Յայտնեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

October 7, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 6 հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչարեանի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Լիբանանի թեմի դպրաց դասերու միացեալ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:

«Ան որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է` լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, որ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համեմատ գործուած են»: Այսպէս սկսաւ առաջնորդ սրբազանը իր առաջնորդութեան շրջանի աւարտի վերջին պատգամը` ուղղուած հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան նկատել տուաւ, որ առաջնորդութեան պաշտօնը վարելու 18 տարիներուն ընթացքին իր բնաբանը այս եղած է` «կատարել ինչ որ ճշմարիտ է», եւ փորձած է այդ բնաբանը իր կեանքին, գործին, պատասխանատուութեան ուղեցոյց դարձնել եւ կատարել ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է ժողովուրդին համար:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ լոյսի ու խաւարի պայքարը ամէն օր կ՛ապրինք եւ մարդիկ կը գործեն մութին մէջ, այսինքն` կը մերժեն ճշմարիտը:

«Մենք պիտի ջանանք ըլլալ լոյսի մէջ գործողներ, լոյսի որդիներ, որովհետեւ խաւարի մէջ գործողներու արարքները սխալ են… Աւետարանը խաւարը եւ լոյսը իրարու դէմ հասնող ճշմարտութիւն է… ճշմարտութիւնները արժէքներ են, որոնք չեն կորսուիր», շեշտեց սրբազանը` շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ 18 տարիներու ընթացքին զօրացուց զինք, որպէսզի կարենայ գործը կատարել իր կամքին եւ ժողովուրդի կամքին համեմատ:

«Պահեցէք ձեր հաւատքը: Մեր ազգին գանձարանը մեր ժողովուրդն է: Պահեցէք տուն-ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց բարոյական արժէքները եւ տէր կանգնեցէք անոնց», եզրափակեց սրբազանը` խօսքը ուղղելով ժողովուրդին:

Աւարտին սրբազանը պարգեւատրեց հետեւեալ քահանաները իրենց ծառայութեան համար` շեշտելով, որ այս պարգեւատրումները խթան են գործը աւելի պատասխանատուութեամբ կատարելու. Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Ներսէս քհնյ. Ճերմակեանը` աւագութեան տիտղոսով, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանը եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեանը` ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունքով, Ռաուտայի մատրան հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեանը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանը եւ Ս. Յարութիւն (Ռմէյլ) եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանը` լանջախաչ կրելու իրաւունքով:

Հրաժեշտի Ընթրիք` Ի Պատիւ
Գեղամ Արք. Խաչերեանի

Ուրբաթ, 4 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին տեղի ունեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Ընթրիքին խօսք առաւ Ազգային գաւառական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան, առաջնորդական տեղապահ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 90-ամեակի Եւ Դաշնակցական Պատանիի Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

Դամասկահայ Զոհ Քասսայի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.