Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 90-ամեակի Եւ Դաշնակցական Պատանիի Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

October 7, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս տարի ՀՅԴ  Լիբանանի պատանեկան միութիւնները բոլորեցին իրենց 90-ամեակը` հպարտօրէն ընդգրկելով Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ գործող պատանեկան միութիւնները:

Այս առիթով կիրակի, 6 հոկտեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ  Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 90 ամեակը` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ պատանեկան միութիւններուն:

Բալիկ Խտրլարեան
Տիգրան Ճինպաշեան,

ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը արտասանեց Բալիկ Խտրլարեան, որ շեշտեց, թէ պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ պատանիներու կարգապահութեան, անոնց ազգային արժէքներու գիտակցումին, ինչպէս նաեւ յեղափոխական հարուստ աւանդներուն փոխանցումին մէջ: «Հայ պատանին է, որ պիտի դառնայ վաղուան ղեկավարը եւ ջահակիրը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` յանձն առնելով շարունակել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործը», ընդգծեց Խտրլարեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին կրտսեր եւ երէց պատանիներ, որոնք բեմ կը հրաւիրուէին պատանի հաղորդավարներու միջոցով:

Յայտագիրի ներկայացումները այլազան էին եւ կ՛ընդգրկէին խմբային արտասանութիւն` «Արմէն Գարօ» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններու մասնակցութեամբ եւ անհատական արտասանութիւն` «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան կողմէ, խմբային երգեր` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»` «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան կողմէ, «Խանասորի քայլերգ»` «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ անհատական երգեր` «Ելէք հայեր»` «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան կողմէ եւ «Գետաշէն»` «Զաւարեան» պատանեկան միութեան կողմէ, հայկական զանազան պարեր` «Աղբալեան», «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ», «Արմէն Գարօ», «Զաւարեան» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններուն կատարողութեամբ, կենդանի պատկեր` «Յառաջ» պատանեկան միութեան կատարողութեամբ:

Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ պատանեկան միութիւններու պատմականին եւ անոնց գործունէութեան հոլովոյթին` հաստատելով որ ներկայ սերունդն է մեր ապագան եւ ջահակիրը գալիք հսկայ աշխատանքներուն, որոնք մեզ կը սպասեն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՅԴ  Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 90-ամեակը ներկայացուեցաւ յատուկ վաւերագրական տեսերիզով մը. ցուցադրուեցան միութիւններու պատմականը եւ ներկայիս կատարուած աշխատանքները: Իսկ պատանիներու ներկայ կեցուածքն ու ազգային պատկանելիութեան պահպանման մէջ անոնց դերակատարութիւնը փոխանցուեցաւ խումբ մը պատանի դերասաններու կողմէ` տեսերիզի միջոցով:

Շահէն Արապօղլեան արտասանեց պատանիներու խօսքը եւ անդրադարձաւ դաշնակցական պատանի ըլլալու առաւելութիւններուն, անոր տրուած դաստիարակութեան` կոչ ուղղելով պատանիներուն միանալու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն:

Ձեռնարկի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու մարմնամարզական խումբը` իր յատուկ նախաձեռնութեամբ:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով 130 պատանիներ տուին իրենց խոստումը` կնքահայրութեամբ Մուրատ Գաբլանեանին: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ խոստումը ամէնէն հպարտառիթ զգացումն է` կոչ ուղղելով շարունակելու իրենց նախնիներու երթը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Իր Առաջնորդութեան Շրջանի Աւարտի Վերջին Պատգամին Մէջ. «Փորձեցինք Կատարել Ինչ Որ Ճշմարիտ Է Ու Արդար Ժողովուրդին Համար» Յայտնեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.