Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Վարագավանքի Ս. Խաչէն` Դանիէլ Վարուժանի «Սուրբ Խաչին»…

October 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Ս. եկեղեցին կատարեց երէկ «Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին»: Զուտ հայադրո՛շմ տօն ու հայավարի՛ տօնախմբում:

Եօթներորդ դարուն կէսին պատահած տեսիլի մը հրաշապատում է, որուն համաձայն, Թոդիկ ճգնաւորը տեսաւ տասներկու լուսասիւներէ բոլորուած սեռակնաձեւ լուսաշողում մը Վանի Վարագայ լեռներուն «Գալիլիա» սարին վրայ:

Ս. Գայանեանց կոյսերէն Ս. Հռիփսիմէ գեղուհին, հալածանքի պատճառով հապշտապ աճապարանքի մատնուած, վիզէն կախած իր ձեռակերտ խաչը յանձնեց լեռնային թաքստոցներուն մէջ ճգնած մենակեացներուն:

Քարայրներէն մէկուն մէջ պահուած նուիրական մասունքը մոռացումի եւ կորուստի մատնուեցաւ ժամանակի ընթացքին: Ժողովուրդին աղօթական յիշողութեան մէջ, սակայն, ան մնաց կենդանի: Նոյնպէս, հոն ապրած ճգնաւորները գիտէին, թէ անծանօթ անձաւներէն մէկուն մէջ թաքնուած է 301-ին նահատակուած կոյսին խաչը: Այսպէս, երեքուկէս դարեր, մինչեւ 653 թուականը, երբ դիպեցաւ խաչալոյսին տեսիլը:

Լուսավայրը հազիւ հասած` Թոդիկի հիասքանչ աչքերուն դիմաց լուսաւորութիւնը տեղափոխուեցաւ Վարագավանքին  խորանին վրայ, ուր մնաց տասներկու օրեր, որոնց ընթացքին հեռաւոր շրջաններէն բազմութիւններ փութացին հոն` երկրպագելու համար լուսաճաճանչ «Վարագայ Ս. Խաչ»-ին:

Նաեւ սրբատեղին հասաւ Ներսէս Գ. Շինող (641-661) Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, որ հոգեզմայլ տեսիլքէն առինքնուած` յօրինեց շատ իմաստագեղ շարականը «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քով, Քրիստոս» սկզբնաբառերով: Տնօրինեց շաբաթական աղօթքն ու պահեցողութիւնը, ինչպէս ալ` տարեկան տօնախմբութիւնը: Ապա տասներկու լուսեղէն սիւներուն տեղին վրայ կառուցանեց «Ս. Նշան» եկեղեցին:

Հայ ժողովուրդը համարեա հեղձամահ պատմական դէպքերու յորձանուտին մէջ` մեծ կարիքն ունէր ներքին հզօրացումի` խարսխուած հաւատքին, յոյսին ու հոգեկան ուժականութեան մէջ, որուն համար, տոհմային աւանդութեան համաձայն, անոր տրուեցաւ ապահովութեան, լոյսի, յաղթութեան ու փառաւորութեան գրաւականը. «Ո՜վ Քրիստոս, նշանով` Քու ամենայաղթ խաչովդ պահպանէ՛ մեզ աներեւոյթ թշնամիէն, Մարդասէ՜ր, որովհետեւ Դուն ես փառքի Թագաւորը` օրհնուած յաւերժօրէն»:

Երէկ` կիրակի, սեպտեմբեր 29-ին, հրաւիրուեցայ խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերէն մեծագոյնին` Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) մասին: Ընտրած նորալուր նիւթովս շօշափեցի նահատակ բանաստեղծին հոգեւորութիւնը բացայայտող քանի մը տուեալներ: Անոնցմէ էր գիտակից յիսուսասիրութիւնը հանճարեղ քերթողին:

Շատ հակիրճ վերլուծումներս բարեպաշտիկ յերիւրանքներ չէին, ո՛չ ալ` փրցուած վարկածներ, այլ` միայն տեսակէտներ, տեսութիւններ եւ եզրայանգումներ` փաստուած Դ. Վարուժանի գրականութենէն` ըլլայ այդ արձակ, քերթուած, տարբերակ ու նամակ:

Նորասաց տեսակէտներու, տեսութիւններու եւ եզրայանգումներու համառօտ ներկայացումն ըրած էի արդէն 1996-ին` «Դանիէլ Վարուժան` երգի՛չը յաւերժութեան…» երկիս տպագրութեամբ, որուն 2015-ին կը յաջորդէ «Դ. Վարուժանի հոգեկանութեան ծիրէն ներս» աղբիւրագիտական մօտեցումով իմ վերլուծական ուսումնասիրութիւնս:

Եւ քանի հայագեղ լուսախաչին տօնն էր երէկ, արդ կ՛անդրադառնամ Վարուժանի խաչափառ հանգանակէն միայն քանի մը խոհերուն մասին, որոնք կ՛արտայայտեն իրենց հեղինակին պայծառ եւ պայծառացնող հոգեկանութիւնը:

Անկասկած որ Դ. Վարուժան կը հաւատայ Քրիստոսին, որուն «Յիսուս» անունը ամէնէն ստէպ կիրարկուած յատուկ անունն է վարուժանեան ստեղծագործութեան մէջ: Կը դաւանի եւ կը սիրէ Յիսուս Քրիստոսը` Աստուածն ու Մարդը:

Բանաստեղծին սահմանումը յստակ եւ ամենասաց է. «Սէրն, որ հոս Կոյսն է, երկնքի մէջ` Աստուած», Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդը, որուն անունին համապատասխան եւ Դ. Վարուժանի ուղիղ տեսութեամբ` Ան է Փրկիչը մարդկութեան: Իբրեւ այսպիսին` Յիսուս է «Արեւն ինքնագոյ, մեծ Սէրը, Խաղաղութիւնը, Խոհանքը, Գիտութիւնը, Անմեղը, երկինքի Մարդը»:

Յիսուսի նկատմամբ Դ. Վարուժանի համարումը,  յոյսը,  սէրն ու Անոր հետեւելու  վճռակամութիւնը անհերքելիօրէն կ՛արտացոլայ «Խաչին» կամ «Սուրբ Խաչին» քերթուածը: Հայ գրականութեան մէջ, աշխարհական գրողէ մը հեղինակուած եւ Խաչեալին կամ Խաչին ուղղուած, այս տասնութ տուներէն բաղկացած գեղօնէն աւելի բովանդակալից, գեղեցիկ, վեհիմաստ երգ-աղօթք մը կա՞յ: Ինծի անծանօթ է:

Սրտայոյզ մենախօսութիւնն է խաչելութեան հետ: Նաեւ` աղօթք, յատկապէս` թիւ մէկ, երկու, հինգ ու վեց քառեակները: Կայ թռիչք, ապա` խոհ, անկեղծութիւն, սէր, կորով, սրտբացութիւն, պահանջ-խնդրանք, հաւատք, առաջադրանք, գործադրում, ջերմութիւն, յօժարութիւն, ինքնաճանաչում, ակնկալութիւն, տենչանք:

Խաչը, զոր մեր քերթողը նորարար յորջորջումով կը հռչակէ «երկինք վարդերանգ» եւ «սուրբ անկողին… արեւուն ինքնագոյ», կը թօթափէ իր վրայէն «անարգանքները դարերուն» շնորհիւ «Անեղին» արիւնին:

Խաչին տիեզերականութիւնը պանծացնող սա վարուժանեան տունէն աւելի շանթահարիչ քառեակ մը չկայ հայ քերթողութեան մէջ: Առաւել, չորրորդ տողին վերջին խօսքը զգլխիչ է իր սիրոյն համայնական եւ ուժական տարողութեամբ.

«Այսօր կ՛իշխես մէկ բեւեռէն մինչեւ միւս.
Փառքիդ դրօշակը չորս հովեր կը յուզեն.
Հովանիէդ, օր մը, հիւլէ մը իսկ դուրս
Պիտի չմնայ: Մարդիկ Քեզմով պիտ՛ սիրեն»:

Այնճար, 30 սեպտեմբեր 2013

Նախորդը

Դիտարկումներ Հայ, Ազրպէյճանական Եւ Թրքական Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Շալքէի Միջնապահ Ֆարֆան Շաբաթներով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.