Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիտարկումներ Հայ, Ազրպէյճանական Եւ Թրքական Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ

October 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարենք վերջին արձանագրուած ուշագրաւ լուրերուն վերաբերեալ.

– Նախորդ շաբաթ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Մարկ Կիրակոս կշտամբեց Միացեալ Նահանգները` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով անոր երկակի չափանիշներուն համար: Երբ հաղորդավարներ Քրիսթիան Ամանփուր եւ Էնտըրսըն Քուփըր կը քննադատէին Իրանի կողմէ Հրէական ողջակիզման ժխտումը, Կիրակոսը անոնց յիշեցուց նախագահ Օպամային դրժած խոստումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գծով: «Այդ տարածաշրջանի մէջ մեր մեծագոյն դաշնակիցը Թուրքիան է: Մինչեւ այսօր Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Օպաման իբրեւ թեկնածու կը խօսէր անոր մասին. «Եթէ ես ստանձնեմ նախագահի պաշտօնը, ես կը ճանչնամ Հայոց ցեղասպանութիւնը», կ՛ըսէր: Նախագահ դառնալէն ետք ան ամբողջովին անտեսեց այդ մէկը: Այնպէս որ, առկայ է անկայուն քաղաքական խաղ, որ քիչ մը կեղծաւոր է», հաւաստիացուց Կիրակոսը:

– Սեպտեմբեր 22-ին Գերմանիոյ մէջ կայացած ընտրութիւններուն գերմանական խորհրդարանին` երկրի խորհրդարանի ստորին պալատի մէջ ընտրուած են թրքական ծագում ունեցող տասնմէկ օրէնսդիրներ` աւելի քան կրկնապատկելով նախորդ օրէնսդիր մարմինին մէջ իրենց թիւը: Հայերը պէտք չէ կուրօրէն քննադատեն այս տասնմէկ պատգամաւորները, քանի որ անոնցմէ ոմանք, ըլլան թուրք կամ քիւրտ, կրնան համակիր ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

– Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիան տուգանած է աւելի քան 200 հազար տոլարով` թուրք ընտանիքի մը տունը առանց փոխհատուցման գրաւելուն համար: Դատարանը վճռած է, որ Թուրքիան խախտած է ընտանիքի սեփականութեան իրաւունքը: Այս ընտանիքը սպառած էր թրքական դատարաններու մէջ իր բոլոր բողոքարկումները` մինչեւ ՄԻԵԴ դիմելը: Ընթերցող մը հետեւեալ հեգնական դիտողութիւնը տեղադրած է  «Թրքիշ տէյլի նիուզ»-ի կայքէջին վրայ. «Կը թուի, թէ քրիստոնեայ Եւրոպայի դատարանը աւելի յարգանքով կը վերաբերի մահմետական թուրք ժողովուրդին հետ, քան մահմետական դատարանները` Թուրքիոյ մէջ»:

– Եւրոպական Միութեան հետ կապերու գծով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ` «հաւանաբար Թուրքիան երբեք չդառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ` այդ դաշինքի ներկայ անդամներու կոշտ դիմադրութեան եւ նախապաշարեալ վերաբերումին պատճառով»: Ինչպէս միշտ, Պաղըշ կը սխալի: Թուրքիան չի յաջողիր դառնալ Եւրոմիութեան անդամ, ոչ թէ արեւմտեան կանխադատումներուն, այլ` իր երկրի օրէնքները եւրոպական չափանիշներու պահանջներուն համապատասխանեցնելէն հրաժարելու համար:

– Սուրիոյ մէջ Քայիտայի ահաբեկիչներուն կողմէ հազարաւոր քրիստոնեաներ, ներառեալ հայեր, առեւանգուած, սպաննուած կամ խեղուած են, սակայն մինչ օրս եւրոպական կամ ամերիկեան ոեւէ պաշտօնեայի կողմէ դատապարտման որեւէ խօսք չէ հնչած: Աւելի՛ն. արեւմտեան ղեկավարները մահաբեր զէնք կը մատակարարեն ծայրայեղականներուն, որպէսզի անոնք կարենան ա՛լ աւելի մեծաթիւ անմեղ մարդոց կեանքերը խլել: Շատոնց ժամանակն է, որ արեւմտեան աշխարհի հանրութիւնը իր զայրոյթը արտայայտէ զանգուածային բողոքի ցոյցերով եւ սուր յանդիմանութիւններով: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է արգիլէ զէնքի մատակարարումը Սուրիոյ մէջ կռուող բոլոր օտար զինեալներուն: Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ հայկական կաթոլիկ եւ յունական ուղղափառ եկեղեցիները պղծուած եւ կողոպտուած էին: Ժիհատականները անամօթաբար մագլցած էին հայկական եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ եւ խաչի փոխարէն` տեղադրած էին իրենց սեւ դրօշը:

– Ազրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ անընդհատ եւ ակամայ կ՛աջակցի Հայ դատին` ընելով ատելի յայտարարութիւններ, որոնք միջազգային հանրութեան մօտ բացասական տպաւորութիւն կը ստեղծեն անոր երկրին մասին: Ալիեւի վիրաւորական յայտարարութիւնը, թէ «Երեւանը եւ Զանգեզուրը ազրպէյճանական տարածքներ են» եւ «կու գայ ժամանակը եւ մենք այնտեղ կ՛ապրինք», մտային խանգարում ունեցող մարդու զառանցանք է: Կը սպասուի, որ հոկտեմբեր 9-ին Ալիեւը երրորդ անգամ նախագահ ընտրուի, իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդը քանի մը տարի եւս պիտի շարունակէ օգուտ քաղել անոր «օգտակար» յայտարարութիւններէն:

– Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին բանավէճը սրեցաւ, երբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան իրարու հակասող յայտարարութիւններով: Ստորեւ ներկայացուած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ելոյթէն հատուածներ, որոնց մէջ ան կը մեղադրէ Ազրպէյճանին հետեւեալ գործողութիւնները.

ա) «Ռազմատենչ եւ հակահայ ատելութիւն սերմանող հռետորաբանութեան օրէ օր աւելնալ»-ը,

բ) «Լայնածաւալ յարձակողական զէնքի աննախադէպ կուտակում»-ը,

գ) «Տխրահռչակ ահաբեկչական կառոյցներու հետ սերտ կապ ունեցող վարձկաններու օգտագործում»-ը,

դ) «Կացինահարող մարդասպան Սաֆարովի փառաբանում Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ»:

Այնուհետեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ`

«Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ կանխարգիլումը կը շարունակեն առաջնահերթութիւն հանդիսանալ Հայաստանի համար: Մենք անհրաժեշտ քայլեր պիտի նախաձեռնենք` ուղղուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նոր դրսեւորումներու կանխման` միաժամանակ առաջնահերթ նշանակութիւն տալով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան եւ ժխտողականութեան հարցերուն® Իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ` Հայաստանն աներկբայ կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ արտայայտուած յստակ դիրքորոշումը` բացառելու որեւէ անձեռնմխելիութեան կամ ներման հնարաւորութիւն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարողներուն համար»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Աշակերտին Անբաժան Խորհրդատու. Հայ Աշակերտին Դասացուցակը 2013-2014

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Վարագավանքի Ս. Խաչէն` Դանիէլ Վարուժանի «Սուրբ Խաչին»…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.