Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտին Անբաժան Խորհրդատու. Հայ Աշակերտին Դասացուցակը 2013-2014

October 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Դպրոցական վերամուտի առաջին օրերուն արդէն հրապարակի վրայ էր «Հայ աշակերտին դասացուցակը», գիրքի ձեւով պատրաստուած նօթատետրը, որ իբրեւ ուղեցոյց պիտի ընկերանայ աշակերտին, օրը օրին, պահը պահին արձանագրելու իր սորվելիք դասերը:

Յաջորդական ութ տարիներէ ի վեր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը լոյս կ՛ընծայէ «Հայ աշակերտին դասացուցակը» գիրքը, որ կը բաղկանայ ոչ միայն օրուան պահերը ցոյց տալու բաժիններէն, այլեւ կը պարփակէ հայ աշակերտին ընդհանուր զարգացումը խթանող գիտելիքներ` մէկ էջի մէջ բացատրուած կամ արձանագրուած բաժիններով: Հոն կը տեսնենք, նախ, առաջին էջի վրայ, «Աղօթք» վերնագրուած գրութիւնը, որ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ է աղօթքը, ինչո՞ւ կ՛աղօթենք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը խաչակնքենք:

Տեղ տրուած է «Մեր հայրենիք» քայլերգին, որպէսզի աշակերտը երգէ անսխալ: Կը կարդանք էջեր գիտութեան, սննդականոնի, կաթին օգուտին, քաղաքացիական կրթութեան, ՄԱԿ-ի մասին ծանօթութիւններ, հոգեբանութեան եւ դաստիարակութեան վերաբերեալ գիտելիքներ` ամչկոտ աշակերտին եւ մանկապատանեկան հոգեկան հարցերը մատնանշող:

Այս գիտելիքներու շարքին կարգ մը էջերու մէջ կը կարդանք գրութիւններ ազգային գիտակցութեան, հայրենասիրութեան, եւ այլ գեղարուեստական գրականութեան յատուկ էջեր, ինչպէս ըսինք, միայն մէկ էջի վրայ ամփոփուած հասկնալի եւ մատչելի ձեւով: Կը կարդանք գրութիւններ` Լեւոն Շանթէն, Եդուարդ Պոյաճեանէն, Գարեգին Սրուանձտեանցէն, Մուշեղ Իշխանէն, Ակսել Բակունցէն, Համօ Սահեանէն, Յովհաննէս Թումանեանէն եւ Երուխանէն:

Գիտական, կենցաղավարական, մարզական, հոգեբանական, երաժշտական, համակարգիչի, գիտութեան եւ արուեստի համբաւաւոր անձերու մասին տեղեկութիւններ, աւելորդապաշտութեան, տօնական տարեդարձներու, ոգեկոչումներու թուականներու նշում, օգտակար ուտելիքներու մատնանշում, աւանդութիւններու վերաբերեալ բացատրութիւններ եւ այլ կարգի մեր կեանքը հունաւորող եւ լաւ պայմաններու առաջնորդող համայնագիտարան մը, առձեռն, ամէն օր աշակերտին գրասեղանին վրայ, իր աչքերուն դիմաց:

Նախանձելի են մեր աշակերտները, որոնք նման դիւրութիւններ կ՛ունենան զարգանալու: Նոյն ատեն ծնողք, մասնաւորաբար մայրեր, երբ զաւկին դասերուն պիտի հետեւին, անպայման պիտի հրապուրուին եւ հետաքրքրուին այնքան գեղեցիկ դասաւորումով պատրաստուած, նկարազարդ ու գեղատիպ այս գիրքէն` իրենց կարգին ուսանելու նոր առիթ մը գտնելով:

Մեր ուսուցիչները, տուեալ դասերու դասատուները իրենք եւս պիտի վերյիշեն իրենց աշակերտական եւ ուսանողական տարիներուն սորված դասերը, պիտի փորձուին վերընթերցելու այս էջերը:

Չմոռնանք յիշելու, որ հրատարակչատունը չէ մոռցած նաեւ օտարազգի արուեստագէտները, երգիչ ըլլան թէ գրագէտ, երաժիշտ ըլլան թէ համբաւաւոր գիտնականներ, որոնց մասին հետաքրքրական եւ ուսանելի ծանօթութիւններ տուած են:

Հետեւելէ ետք «Հայ աշակերտին դասացուցակը» նոթատետրին, իր պարզութեան մէջ յոյժ օգտակար հրատարակութեան, որուն պատրաստութեան համար աշխատած են ինը ուսուցիչներ, գիտութեան ծառայողներ, գրողներ, երաժիշտներ, հոգեբաններ եւ մանկավարժներ, զգացի մեծ գոհունակութիւն, եւ երանի տուի ներկայ օրերու մեր աշակերտներուն` յիշելով Յ. Թումանեանը.

«Ապրէ՛ք, երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք»:

Մեր սերունդը չունեցաւ նման դիւրութիւններ, բայց սորվեցանք շատ բաներ, որովհետեւ համակարգիչը մեզ իր գերին չէր դարձուցած:

Նման գիրք մը պէտք է մտնէ մեր բոլոր դպրոցներէն ներս: Անոր բացակայութիւնը կը տկարացնէ մեր ինքնութեան ճանաչումը:

 

 

Նախորդը

Հոկտեմբերի 9. Նախագահական Ընտրութիւններ Ազրպէյճանում. Եթերաժամի 98 Տոկոսը Ալիեւին, 2 Տոկոսը` Միւս Ինը Թեկնածուներին

Յաջորդը

Դիտարկումներ Հայ, Ազրպէյճանական Եւ Թրքական Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.