Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կորքի Եւ Սարոյեան (Վերյիշում Մը)

October 7, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵՔՍԱՆ ՊԷՐԷՃԻՔԼԵԱՆ

«Իրարմէ կը պժգային», կը գրէ Սփենտըր:

Նոյն խառնուածքն ու ըմբռնումը չունէին: Արմատներուն հետ իրենց յարաբերութիւնը տարբեր էր եւ իրենց փարումը անոնց` նոյնքան բուռն: Կորքիի համար ասպարէզ եւ արմատներ-պատկանելիութիւն իրարմէ տարբեր բաներ էին, Սարոյեանի համար անոնք միասին կը գործէին:

Սփենտըր կը շարունակէ, թէ Սարոյեան, որ մօտիկ բարեկամն էր Կորքիի զարմուհիին` Կէյլ Սարգիսեանին, ասոր ըսած է, որ Կորքի երբեք իր անունը պէտք չէր փոխեր կամ ինքզինքը ռուս, «կովկասցի» կամ ուրիշ ձեւացնէր, այլ` հայ մնար եւ անով` հպարտ, որովհետեւ իր եւ Կորքիի նման յաջողութիւն գտած արուեստագէտներ Ամերիկա ապրող բոլոր հայերուն աւելի կարելիութիւն պիտի տային իրենց գլուխը բարձր բռնելու:

Կորքի ճիշդ հակառակը կը մտածէր: Իրեն համար Սարոյեանը «ասպարէզ» մը կերտած էր իր հայ ըլլալը օգտագործելով: «Ասիկա աւելի գէշ էր, քան` ինքնիր կեղծ չափանիշները աշխարհին պարտադրելը: Ասիկա գողութեան նման բան մըն էր»:

Դիպուա՞ծ, զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ նախախնամական փոքր արարք:

1970-ի ամառը Պէյրութ վերադարձած էի, Վենետիկ գեղարուեստական դասընթացքներս աւարտելէ եւ Կորքիի մասին աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք: Տակաւին խարխափումներու սկզբնական շրջանի մը մէջ գտնուելով հանդերձ, տարի մը ետք որոշած էի Կորքիի մասին հայերէնով գիրք մը գրել (թերեւս ըսուի` «ի՜նչ համարձակութիւն»…), հիմնուելով նախապէս տարած աշխատանքիս վրայ, ինչպէս եւ երկու վերջնագոյն հրատարակութիւններու. մէկը` Կորքիի արուեստավաճառին, Ճուլիըն Լիվիի իրեն նուիրած առատ եւ լաւ տպուած վերատպութիւններով ճոխացած մենագրութիւնը, իսկ միւսը` Քարլեն Մուրատեանի կողմէ խմբագրուած «Արարատ»-ի յատուկ թիւը: Լիվիի հատորը գտած էի Հայկազեան քոլեճի գրադարանին մէջ. հոն է, որ կ՛երթայի զայն աչքի տակ ունենալու համար:

1972-ի ամրան սկիզբը Սարոյեան Հայկազեան քոլեճին կողմէ Պէյրութ հրաւիրուած էր: «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթի խմբագրութիւնը որոշած էր հետը հարցազրոյց մը կազմակերպել: Ան տեղի պիտի ունենար յետմիջօրէի մը, քոլեճի հայկական բաժնի գրադարանին մէջ: Երբ Սարոյեանի ժամանման պահը մօտեցաւ, գրադարանը պարպուեցաւ ուսանողներէն ու մնաց միայն զինք դիմաւորողներու խումբը: Երկար սեղաններէն մէկուն անկիւնին կ՛աշխատէի, առանձին, Լիվիի գիրքը աչքիս տակ: Սարոյեան հասաւ: Ներկաները շուրջը հաւաքուեցան: Յանկարծ տեսնելով, թէ ես տեղէս չեմ շարժած եւ գլուխս հակած` առանց իր կողմը նայելու կ՛աշխատիմ, Սարոյեան (թերեւս մտածելով, թէ ո՞վ է այս Դիոգինէսը, որ կը յանդգնի…) ըսաւ, թէ «ո՞վ է ան» եւ նոյն ատեն քովս եկաւ: Տեսաւ գիրքը ու գաղափարիս մասին տեղեկացաւ (հաւանաբար միտքէն չէր անցըներ, որ Պէյրութի մէկ անկիւնը Կորքիի արուեստը աշխատասիրողի մը պիտի հանդիպէր): Իրմէ երկու նախադասութիւն կը յիշեմ. գիրքը թերթատելով, խոր ձայնով եւ զուսպ ու յարգալիր եղանակով ըսաւ, թէ Կորքին մեծ նկարիչ է, եւ թէ ինք կը ճանչնայ Քարլեն Մուրատեանը: Լուսանկար մը այդ պահը արձանագրեց:

Ինչպէ՞ս կռահէի, թէ Սարոյեան եւ Կորքի իրարու չէին հանդուրժած ատենին: Կորքի լքած էր աշխարհը թերեւս առանց իր մօտեցումը փոխած ըլլալու Սարոյեանի նկատմամբ: Կ՛ենթադրեմ, որ նոյնը չէր Սարոյեանի պարագան, որովհետեւ տարիներու երկայնքին տեսած էր, որ Կորքի, հակառակ իր անունին փոփոխութեան եւ ինքնութեան քողարկումին, հայ հասարակութիւնը յետմահու կը շնորհէր այն, ինչ որ Սարոյեան ատենին փափաքած էր եւ այդ ուղղութեամբ Կորքին քննադատած:

Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ,
5 սեպտեմբեր 1999

Նախորդը

Կրթական Մօտեցումներ. Կրթական Յեղաշրջում Մը Խոստացող Միջոցները` Յարափոփոխ Վիճակի Մէջ

Յաջորդը

Արուեստի Ուղիներով

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.