Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասակաւոր Մարդիկ

October 5, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ըստ Եւրոպայի մէջ կատարուած նոր ուսումնասիրութեան մը, եւրոպացիներուն հասակը 11 սմ երկնցած է վերջին 100 տարիներուն ընթացքին: Արդեօք այս աճը անդադար կը շարունակուի՞:

Եւրոպայի մէջ մարդոց հասակը, միջին հաշուով, 1,78 մեթր է, ըստ նոր ուսումնասիրութեան մը: 100 տարիներ առաջ, անոնց հասակը կը հասնէր 1,67 մեթրի: Հետեւաբար ամէն 10 տարին անգամ մը անոնց հասակը 1 սմ աւելցած է: Այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ ո՛չ միայն այր մարդիկը, այլ` կիներն ու երեխաներն ալ: Ընդհանրապէս մարդկութիւնը կ՛աճի:

* * *

Մեր հասակը կախեալ է մեր կեանքին առաջին 1000 օրերէն: Վերջին դարուն ընթացքին այս առաջին երեք տարիներուն պայմանները բարելաւուած են Եւրոպայի մէջ:

Պատուաստները եւ դեղերը կարելիութիւնը տուած են խուսափելու այն հիւանդութիւններէն, որոնք կը դանդաղեցնեն աճը: Ուրիշ գետնի մը վրայ, մանուկները աւելի փրոթէին կ՛ուտեն (միս, ձուկ, հաւկիթ, կաթնեղէն…): Կեանքը աւելի հանգստաւէտ դարձած է. անոնք նուազ կը շարժին, պահեստներ կ՛ամբարեն: Եւ այս բոլորը մանուկներուն կարելիութիւնը կու տան աճելու:

Անշուշտ ժառանգականութիւնն ալ մեծ դեր ունի: Եթէ մենք ունինք 2 մեթր հասակ ունեցող եւ պասքեթպոլ խաղցող ծնողք, մենք ալ հասակաւոր կ՛ըլլանք:

 

Աշխարհին Շուրջն Ալ

Միայն եւրոպացիներուն հասակը չէ, որ կ՛երկարի: Մենք տարբեր երեւոյթներ կը նշմարենք աշխարհին չորս կողմերը: Պրազիլցիներուն հասակն ալ կ՛երկարի 1 սմ` ամէն տասը տարին անգամ մը: Մինչ լեհերը, չիները եւ ճափոնցիները  2-2,5 սմ կը մեծնան ամէն 10 տարին անգամ մը:

Ոչ մէկ փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի Ափրիկէի փիկմեներուն եւ Աւստրալիոյ ապորիճինիներուն պարագային:

Հիւսիսային Քորէայի մէջ մարդոց հասակը կարճացած է յատկապէս 90-ական թուականներուն տիրող ծանր սովի մը իբրեւ հետեւանք: Այս ձեւով, հասակին երկարիլը կը յայտնուի յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր կեանքի պայմանները (առողջապահութիւն, սնունդ, հանգստութիւն) բարելաւուած են:

Ինչպէ՞ս

– Մարմինը կ՛երկարի յատկապէս ոտքերէն: Մենք ասիկա կը տեսնենք ծնունդէն. մանուկներուն ոտքերը կարճ են իրենց մարմնին համեմատ: 6 տարեկանին, անոնց ոտքերը բաւական երկնցած են, մինչ մարմինը` նուազ:

Ոտքերուն երկարիլը տեղի կ՛ունենայ յատկապէս կեանքին առաջին տարիներուն: Ըստ գիտնականի մը, չափահաս տարիքին երկար ոտքեր ունենալը կախեալ է մանկութեան ընթացքին պատահած բաներէ:

– Մեր կմախքը կը մեծնայ… սակայն` ոչ մինչեւ վերջ: Ըստ մասնագէտներուն, մարդիկ սկսած են նոյնիսկ «կուտակուելու»: Եւրոպացիները տակաւին քանի մը սանթիմեթրեր պիտի առնեն մինչեւ 21-րդ դարու վերջաւորութիւն եւ ետքը` դադրին:

Մեր մարմինը չի կրնար դիմանալ չափազանց բարձր հասակի. նախ եւ առաջ մեր յօդերը դիւրաբեկ կը դառնան, ապա մեր մկանները, որոնք կը բռնեն մեր կմախքը, կը դադրին աճելէ:

 

Մանուկները Իսկական Ուժ Մըն Են

Յաճախ կ՛ըսուի, թէ մանուկները շատ մեծ կորով ունին: Հոլանտայի մէջ պատասխանատուները որոշած են այս յորդող կորովը իսկական ուժանիւթի վերածել:

«Էներճի քարուսէլ»-ը ձիախաղի դարձող մեծ անիւ մըն է, որ չի նմանիր միւս պարզ ձիախաղերու անիւներուն: Հոլանտայի Տորտրեխթ շրջանին մէջ զետեղուած այս ձիախաղը սկսած է բանիլ մանուկներուն շնորհիւ: Ան միւս ձիախաղերէն տարբեր է, որովհետեւ ան ուժանիւթ կ՛արտադրէ: Սակայն, որպէսզի ան կարենայ ուժանիւթ արտադրել, պէտք է, որ մանուկները բռնուին անոր եւ զայն դարձնեն:

Այս «Էներճի քարուսել»-ի շարժումէն յառաջացած ուժանիւթը կ՛ամբարուի մարտկոցի մը մէջ: Անոր բանելու ձեւը շատ կը նմանի հեծիկի տինամոյի մը. հեծիկին ոտնակը դարձնելով` հեծիկ քշողը կ՛աշխատցնէ տինամօ մը, որ ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ` մեքենական ուժ գործածելով: Այս ելեկտրականութիւնը կ՛աշխատցնէ հեծիկին լոյսերը:

Այս ձիախաղը հնարողները ուզած են այս ձեւով մանուկներուն ուշադրութիւնը գրաւել ուժանիւթի խնայողութեան հարցերուն վերաբերեալ, խաղին ընդմէջէն: Ասիկա խելացի միջոց մըն է` նոր բաներ սորվելու հաճելի ժամանակ անցընելով:

 

Այցելենք

… Օդին մէջ կախուած ջուրի ծորակը:

Եթէ կը գտնուիք Պելճիքայի մէջ եւ շատ տուրմ ուտելէ ետք գիտէք դէպի ուր ուղղուիլ լուացուելու համար:

Այս 3,81 մեթր բարձրութիւն ունեցող քանդակը կը գտնուի Պելճիքայի Իփր շրջանին մէջ. անիկա շինուած է 2003 թուականին:

Երբ մենք զայն կը դիտենք, մեզի կը թուի, թէ ան օդին մէջ կախուած է. սակայն ասիկա պարզ պատրանք մըն է: Անիկա յենած է հոսող ջուրին մէջէն անցնող խողովակին վրայ, որ գետնին վրայի աւազանին մէջէն ջուրը դէպի ծորակ կը բարձրացնէ: Ջուրը կը յորդի խողովակին ծայրերէն եւ դարձեալ վար կը թափի, աւազանին մէջ: Այս ձեւով ան անդադար կը թափի: Իսկ ինչպէ՞ս ընել ծորակը գոցելու համար…

 

Քիրոպոյի Առաջին Բառերը

Քիրոպօ ճափոնական պզտիկ մարդամեքենայ մըն է, որ Անջրպետի միջազգային կեդրոնը ղրկուած է ընկերակցելու համար հոն մնացող ճափոնցի աստղանաւորդին: Ան արտասանած է իր առաջին բառերը…

«Երկրագունդին վրայ` բոլորին բարե՛ւ: Ես Քիրոպոն եմ: Ես առաջին աստղանաւորդ մարդամեքենան եմ, որ խօսիլ գիտէ: Ուրախ եմ ձեզի ծանօթանալուս համար»:

«21 օգոստոս 2013-ին մարդամեքենայ մը պզտիկ քայլ մը առած է դէպի փայլուն ապագայ` ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար», աւելցուցած է ան:

Այս նախադասութիւնը կը յիշեցնէ 21 յուլիս 1969-ին առաջին անգամ լուսինին վրայ կանգնած Նիլ Արմսթրոնկին նախադասութիւնը, «Պզտիկ քայլ մը մարդուն համար, սակայն` մեծ ոստում մը մարդկութեան համար»:

* * *

Քիրոպօ անջրպետի այդ կայանը հասած է օգոստոս ամսուն, 5,4 թոն ապրանքներով եւ ուտելիքներով` կայանին բնակիչներուն համար:

Քիրոպօ 34 սմ հասակ ունի եւ կը կշռէ մօտաւորապէս 1 քիլօ: Ան դէմքերը կը ճանչնայ եւ նկարներ կ՛արձանագրէ: Սկզբունքով ան կարելիութիւնը պիտի ունենայ բնականօրէն զրուցելու ճափոնցի աստղանաւորդ Քոյի Ուաքաթայի հետ, որ անջրպետի կայան պիտի հասնի տարուան վերջը:

Այս գործողութեան նպատակն է ուսումնասիրել, թէ որքանո՛վ ընկերակից մարդամեքենայ մը կրնայ բարոյական նեցուկ ըլլալ երկար ժամանակ մեկուսացուած անձերու համար:

«Քիպօ» ճափոներէնով նաեւ կը նշանակէ «յոյս»:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

Առաջին ճեթ օդանաւը օդ բարձրացած է Գերմանիոյ մէջ:
Մաքաու թութակները յաճախ կաւ կ՛ուտեն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Անգլիոյ Պիկ Պեն ժամացոյցին վայրկեաններու սլաքը ամէն տարի «կը կտրէ» մօտաւորապէս 188 քմ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աւստրալիոյ Քրիսմըս կղզիին վրայ մօտաւորապէս 50 միլիոն կարմիր խեչափառներ տարին մէկ անգամ դէպի ծով կը փութան:
Ռուպիքս քիւպ խաղը հնարուած է Հունգարիոյ մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Հարաւային Ամերիկայի Անտեան լեռներուն մէջ գոյութիւն ունի բոյս մը, որ կ՛ապրի 80 տարի: Անիկա մէկ անգամ կը ծաղկի, ապա կը մեռնի:
  • Ամազոնի վայրի անտառին մէջ կ՛ապրին միջատի քանի մը միլիոն տեսակներ:
  • Հարաւային Ամերիկայէն ոչ մէկ երկիր Ողիմպիական խաղեր կազմակերպած է:
  • Փորթուգալի մէջ անքաղաքավարութիւն կը համարուի կարմիր մելանով գրելը:
  • Ֆրանսայի քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած է 25 հազար տարուան մանուկի մը ոտնահետքը:
  • Իսլանտայի մէջ տուներուն մօտաւորապէս 85 առ հարիւրը կը տաքցուին գետնին տակէն շրջող հանքային տաք ջուրերուն շնորհիւ:
  • Կարգ մը Քոպրա օձեր կրնան իրենց թոյնը արձակել մինչեւ 1,82 մեթր հեռու:
  • Թայուանի մէջ աղբ հաւաքող փոխադրակառքերը բարձրախօսներով երաժշտութիւն կը սփռեն մարդոց յիշեցնելու համար, որ իրենց աղբերը դուրս հանեն:
  • Աւստրալիոյ մէջ յունուար եւ փետրուար ամիսները տարուան ամէնէն տաք ամիսներն են, մինչ յունիս եւ յուլիսը` ամէնէն ցուրտերը:
  • Անթարքթիքայի ամբողջ ջուրը հալած սառ է:
  • Աշխարհի վրայ ամէնէն ցուրտ ջերմաստիճանը արձանագրած է Անթարքթիքայի մէջ` -89.2 աստիճան:
  • Անթարքթիքայի մէջ կան շրջաններ, ուր 800 տազար տարիներէ ի վեր բնաւ չէ անձրեւած:
  • Շուներուն մուտքը արգիլուած է Անթարքթիքա:
  • Հարաւային բեւեռին մէջ ամէն տարի հազիւ 2.54 սմ ձիւն կ՛իջնէ:
  • Անթարքթիքայի հասարակածին քով կը գտնուէր հարիւր միլիոն տարի առաջ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել սանտրին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս աւելները կարգով հանել` միշտ ամէնէն վրայինը առնելով:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարզիկները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.