Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Մտահոգուած Է Թուրքիոյ Ազդեցութեան Նահանջէն Սուրիական Տագնապին Պատճառով

October 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՀԱՄԵՏ ՆՈՒՐԷՏՏԻՆ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը երէկ փոխանցեց Ազրպէյճանի կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուի մը խօսքը, թէ` Պաքու մտահոգուած է տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան նահանջին համար, սուրիական տագնապին պատճառով:

Թերթը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շատ մօտ կանգնած պատասխանատուն նկատեց, որ «Թուրքիա շատ մեծ սխալներ գործեց արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ, մասնաւորաբար` Սուրիոյ նկատմամբ, ինչ որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ»:

Ազերի պատասխանատուն հետեւեալ ձեւով նկարագրած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ պարզած վիճակը, եւ` ատոր ազդեցութիւնները Ազրպէյճանի վրայ.

1.- Թուրքիա Ազրպէյճանի համար ամէնէն կարեւոր երկիրն է, ոչ թէ Ռուսիա, Ամերիկա կամ Իրան, այլ` Թուրքիա: Հետեւաբար թրքական արտաքին քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներ մեծապէս կ՛ազդեն Ազրպէյճանի վրայ:

2.- Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ հետապնդած քաղաքականութիւնը մեզի պատճառեց եւ կը շարունակէ պատճառել մտահոգութիւն, քանի որ մենք վախ ունինք, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ նուազի, նահանջ արձանագրէ: Թրքական դիւանագիտութեան նահանջի պարագային, միւս երկիրները կը սկսին ազդեցութիւն բանեցնել մեր վրայ, եւ ես չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն կրնանք տոկալ, մինչեւ որ թրքական դիւանագիտութիւնը վերագտնէ իր նախաձեռնութիւնը:

3.- Սուրիոյ ներքին իրավիճակը անմիջականօրէն կ՛ազդէ ազրպէյճանական ներքին իրավիճակին վրայ: Այսօր Սուրիոյ մէջ կան մեծ թիւով ազերի կռուողներ. եւ անոնք բոլորը Սուրիա անցան Թուրքիոյ վրայով: Մանաւանդ որ վերջերս անոնց ղեկավարներէն ոմանք սպաննուեցան բախումներու միջոցին, որոնց շարքին` Ապու Եահիա Ազարին` ազերիներու խումբին «Էմիր»-«Անսարներու եւ մուհաժիրներու բանակ»-ին մէջ, որ սպաննուեցաւ երկու շաբաթ առաջ: Եւ այդ մարդը, երբ Ազրպէյճան կը գտնուէր, ամէն շաբաթ ոստիկանատուն կը քշուէր եւ ծեծով կը պատժուէր: Եւ մենք կը կարողանայինք զսպել իր շարժումները: Բայց հիմա որ ան հոն գնաց, ինք եւ իրեն հետ եղողները վերածուեցան ծայրայեղական կռուողներու: Եւ երբ անոնք Ազրպէյճան վերադառնան, պիտի չկարենանք ծեծի ենթարկել զանոնք եւ ստիպուած պիտի ըլլանք սպաննել զանոնք:

4.- Որքանո՞վ պատշաճ էր, որ Թուրքիա այս տարողութեամբ մխրճուէր Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի գործին մէջ: Մենք Թուրքիոյ կը նայէինք իբրեւ եւրոպական երկիր: Հաւանաբար լաւ գաղափար մը ըլլար, որ Թուրքիա Ափրիկէ երթար: Բայց արաբական աշխարհագրական տարածքը դժուար տարածք է Թուրքիոյ համար: Դիտեցէք Ֆաթհուլլա Կիւլենի խումբը. դպրոց մը բացին արաբական երկրի մը մէջ: Մինչդեռ Ազրպէյճանի մէջ անոնք ունին 12 վարժարաններ, եւ անոնց հետ կրցանք հասնիլ միջին լուծումի մը: Եւ վերջին հաշուով մեր կողքին Իրանը եւ սէուտցիները աշխուժ կը գործեն:

5.- Անցեալ օգոստոսին Ռուսիոյ նախագահը` Վլատիմիր Փութին Պաքու ժամանեց եւ առանձինն տեսակցութիւններ ունեցաւ Ալիեւի հետ` ամբողջ եօթը ժամ տեւողութեամբ: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն մեծ կարեւորութեամբ Ռուսիա կը զբաղի Ազրպէյճանի հետ: Եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով տարածաշրջանին մէջ բոլորը սկսան տեսնել Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան կարեւորութիւնը, բնականաբար` Ամերիկայի հետ բարեկամութեան կողքին: Ամերիկա նեցուկ կը կանգնէր Վրաստանի, եւ սակայն չկարողացաւ կասեցնել ռուսական յարձակումը անոր վրայ: Ռուսիա այժմ կը պաշտպանէ Սուրիան եւ կրցաւ կասեցնել ամերիկեան հարուածը Սուրիոյ դէմ: Ասիկա բոլորիս ուղղուած պատգամ մըն է:

6.- Այս թոհուբոհին մէջ երեւան եկաւ, որ հաւանական է կարգաւորում մը Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ: Ինչո՞ւ: Քանի որ Իրան այլեւս կարիքը չունի հիւլէական զէնքին: Ամերիկա դուրս ելաւ տարածաշրջանէն: Եւ` Իրաք մտաւ Իրանի ազդեցութեան տակ: Իրանի ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ կրկնապատկուեցաւ: Իսկ մենք ապագային պէտք պիտի ունենանք զօրաւոր Թուրքիոյ մը: Այս իսկ պատճառով մենք կը սպասենք Թուրքիայէն, որ վերստին հաւաքէ իր ուժերն ու ազդեցութիւնը:

«Սաֆիր», 30 սեպտեմբեր 2013

Թարգմ.` Գ. Մ.

Յատուկ «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Բանաստեղծութիւնը Ունի՛ Օգտակարութիւն Մը, Թէեւ Հակառակը Կը Կարծեն Շատեր

Յաջորդը

32 Տարիներ Ետք…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.