Սպանացի միջազգային յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես, որ նախանցեալ օր Շթէուա Պուքրեշի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») վիրաւորուեցաւ, երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, երէկ յայտնեց անոր ակումբին` Չելսիի մարզիչը, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ:
Թորես իր ակումբին կատարելիք մրցումներէն բացակայելէ բացի, պիտի չկարենայ մասնակցիլ նաեւ Սպանիոյ կատարելիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն:
11 հոկտեմբերին աշխարհի ախոյեանը պիտի հիւրընկալէ Պիելոռուսիան, իսկ այդ մրցումէն չորս օր ետք` Վրաստանը:
Նշենք, որ զտումի մրցումներուն, Սպանիա ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած:


