Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Հանքաւանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի 2013-ի աշնանային մրցաշարքը:
Տիտղոսակիր դարձաւ Երեւան Լ. Հ. խումբը, որ իր կատարած բոլոր հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց: Սոյն ակումբը նշանակեց 26 կոլ եւ ոչ մէկ կոլ ստացաւ իր բերդին մէջ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց ԱՖԴ խումբը, իսկ երրորդ դիրքը` Երեւան Գ. Մ.:
Լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Սիւզան Սերեկանեան (Երեւան Լ. Հ.), մինչ անոր խմբակից Քրիստինէ Գրիգորեան հանդիսացաւ մրցաշարքին կոլսքորըրը (9 կէտով):


