Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերադառնալ Ու Վերապրեցնել …Հաւատք, Յոյս Եւ Սէր

October 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24-27 սեպտեմբեր 2013-ին Էջմիածինի մէջ գումարուած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը, թէ՛ իր պատմականով եւ թէ՛ ներկայ օրերուն դիմագրաւած դժուարութիւններով:

Կատարելագործուած, մեքենայացած եւ գերարդիականացած աշխարհը հետզհետէ աւելի կը դժուարացնէ ապրելաձեւ, սովորութիւններ, կրօն, հաւատք եւ այլն:

Նոյնիսկ ներկայ քաղաքական կացութիւնն ու անցուդարձերը կը փաստեն, թէ շատ բան փոխուած եւ նոյնիսկ աղաւաղուած է կրօնական բնագաւառին մէջ:

Ներկայ օրերը կը նշուին իրենց անիշխանութեամբ, ընդդիմութեամբ (ընդհանրապէս ծայրայեղ), պահանջատիրութեամբ: Եւ այլեւս հասարակութիւնը ոչ մէկ վախ ունի իշխանութիւններէն եւ բռնատիրութենէն: Այս գծով, նոյնիսկ կրօնն ալ կ՛օգտագործուի իբրեւ զէնք` պայքարելու եւ պետութիւններ տապալելու համար: Բնականաբար այս կացութեան դիմաց վտանգուած եւ ահազանգի մէջ է կրօնական տրամախօսութիւնը, ուր ծայրայեղ մտածումներ մուտք գործած են եւ կը քանդեն այս մթնոլորտը` նաեւ աղաւաղելով կրօնական աշխարհը: Բնականաբար հարցը դարաշրջանի սկիզբէն ի վեր սկսած երեւոյթ մըն է, որուն գահավէժ ընթացքը կը շարունակուի վերջին տարիներուն, Սուրիոյ մէջ:

Դեռ վերջերս, Վատիկանի Ֆրանչիսկոս պապն իսկ ահազանգ հնչեցուց վերոյիշեալ իրավիճակին դէմ եւ ներկրօնական ապրելաձեւի առնչութեամբ ալ, կոչ ուղղեց բարեկարգութեան, ոչ թէ միայն կարեւորելով  եկեղեցւոյ ծէսը, աստուածաբանական մտածողութիւնն ու դաւանաբանական ուսուցումները, այլ նաեւ` համեստ կեանք եւ ոճ որդեգրելով:

Հայկական միջավայրի մէջ, իբրեւ քրիստոնէութիւնը կրօն որդեգրած աշխարհի անդրանիկ պետութիւն, Հայաստանը, հայութիւնն ու Առաքելական եկեղեցին իրենց կարգին կարիքն ունին բարեկարգութեան եւ վերանորոգման քարտէսի մը, որուն պատրաստութիւնն ու բանաձեւումը հաւանաբար շատ աւելի դիւրին է, քան` կիրարկումը:

Տեղին է վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները, առաքելութիւնն ու նպատակը, կատարել` տեղին ինքնաքննադատութիւններ, շտապօրէն եւ առանց յապաղումի, Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս խոր արմատներ նետած թերութիւններն ու յոռի բարքերը սրբագրել եւ,  անշուշտ, լծուիլ աշխատանքի:

Ժամանակն է դուրս գալ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մը դառնալու այս իրավիճակէն եւ իբրեւ հոգեւոր գործօն` կեանքի կոչել արժէքները եւ վերադառնալ ու վերապրեցնել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատքը, յոյսն ու սէրը:

Պոսթըն-Մասաչուսեց

Նախորդը

Բարեյաջող Մեկնարկ

Յաջորդը

«Ռատիքալ»-ի Մէջ Ցնցիչ Յօդուած. Պասքըն Օրան Կը Խօսի Իր Ստացած Մահուան Սպառնալիքներուն Ու Նախատինքներուն Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.