
Շաբաթ, 11 յունիսին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը, որ հովանաւորուած էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ:
Մրցաշարքին վերջին օրը տեղի ունեցաւ խմբային աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Հայաթ խումբը, որուն մաս կը կազմեն Սամիր Մըրշի, Ժոզեֆ Շալհուպ եւ Ռաշիտ Պըպպօ: Երկրորդ հանդիսացաւ Մուսթաքպալ խումբը, որուն մաս կը կազմեն Պիլալ Ժըմաա, Մարուան Ռասի եւ Մոհամետ Հապաշ: Իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Օսաքա խումբը, որուն մաս կը կազմեն Համօ Մոսկոֆեան, Թոնի Ֆըրսան եւ Ուսամա Հոմսի:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա ըսաւ, որ այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ տարեկան` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին տարին ըլլալով բաւական յաջողութիւն արձանագրեց մասնակցողներու եւ կազմակերպչական իմաստով:
Նշենք, որ ցուցադրական մրցում մըն ալ տեղի ունեցաւ հանգուցեալին զաւկին` Ռոք Հաքիմի եւ Ափրիկէի ու Եգիպտոսի ախոյեան Ահմետ Ալի Սալեհի միջեւ:


