Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Գաղտնի Բանալին

September 27, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՄԸ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ, ԹԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽԱԶԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԷՋ ԾԱԾԿԱԳԻՐ ՊԱՀՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԶԻՆՔ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԱՅՆ ՎԱՅՐԸ, ՈՒՐ ՆԱՑԻՆԵՐԸ ՊԱՀԱԾ ԵՆ ՈՍԿԻԻ ԳԱՆՁ ՄԸ: ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «ՇՓԻԿԸԼ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ, ԹԷ ԱՆ ԱՅԺՄ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Է ՊԱՒԱՐԻՈՅ ՄԷԿ ԳԻՒՂԱՒԱՆԸ, ՈՒՐ Կ՛ԵՆԹԱԴՐՈՒԻ, ԹԷ ԹԱՂՈՒԱԾ Է ՈՍԿԻՆ, ՈՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՏԱՐԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԷ Ի ՎԵՐ:

Վերջին շաբաթներուն Աւստրիոյ սահմանին մօտակայ պաւարիական Միթընվալտ գիւղաքաղաքին մէջ երեք փորձեր կատարուած են գտնելու համար այն ոսկին, որ թաղուած է նացիներուն կողմէ: Թէեւ այժմ գետնին մէջ փորուած փոսերը լեցուած են, սակայն գետինը փորող գործիքներուն եւ կապոյտ նշաններուն հետքերը տակաւին տեսանելի են աշնան տերեւներու խաւի մը տակ:

Պաւարիոյ իշխանութիւնները արտօնութիւն տուած էին նախաձեռնութեան` «որոշ յստակացում մը» կատարելու համար: Շուտով լուրը գլխաւոր վերնագիրներ սկսաւ գրաւել տեղական թերթերու մէջ: Բնակիչները մերթ զայրոյթով եւ մերթ հետաքրքրութեամբ հակազդեցին աշխատանքին:

Ծրագիրը գաղափարն էր հոլանտացի բեմադրիչ եւ երաժիշտ Լէոն Կիսընի, որ համոզուած էր, թէ նացիներուն պահած գանձը թաղուած կը մնար Միթընվալտի ճամբաներուն տակ:

Ոսկի կամ ադամանդ պարունակող գանձը երկար ժամանակէ ի վեր հրահրած էր հանրութեան երեւակայութիւնը: Իբրեւ նացիներու նախկին ամրոց` Պաւարիան պարարտ հող էր Ինտիանա Ճոնզի յատուկ պատմութիւններու: 1944-ին, երբ Դաշնակիցներու եւ խորհրդային բանակները կը սպառնային մօտենալ Պաւարիոյ, նացի Գերմանիոյ ամէնէն հզօր անձը` Հայնրիխ Հիմլըր այստեղ կառուցած էր լեռնային ամրոց մը, ուրկէ նացի Գերմանիան պիտի կռուէր մինչեւ վերջին շունչ:

Աւելի՛ն. 1945-ի ապրիլին Գերմանիոյ միացեալ ուժերը Կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներուն հետ վաւերացուցած էին ծրագիր մը` երկրին գանձատան պահեստներէն մաս մը պահելու համար Վալխըն լիճին հարաւարեւմտեան ափերուն: Այս հարստութեան մեծ մասը` ոսկի, տոլար եւ զուիցերիական ֆրանք, յանձնուած էր Դաշնակիցներուն, սակայն հաւանական էր, որ նոյնքան հարստութիւն կը մնար կորսուած:

Դէպի Գանձը Առաջնորդող Քարտէսը

Թէեւ Կիսընի տեսութիւնը տարաշխարհիկ կը թուի բոլոր չափանիշներով, սակայն անիկա մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է իր ծննդավայր Հոլանտայի մէջ, որովհետեւ հիմնուած է երաժիշտ Կոթֆրիտ Ֆետըրլայնի «Յանպատրաստից քայլերգին» խազագրութեան վրայ:

Առասպելի համաձայն, Բ. Աշխարհամարտի վերջին օրերուն Ատոլֆ Հիթլերի անձնական քարտուղար Մարթին Պորման տառեր, թուանշաններ եւ հին գերմանական այբուբենի գիրեր խծբծած է խազագրութեան վրայ` նացիներուն պահած գանձին վայրին ծածկագիր մէկ տեղեկութիւնը տալով:

Ենթադրաբար զինուորական կրօնաւորի մը պարտականութիւն տրուած էր խազագրութիւնը յանձնել Միւնիխի մէջ անձի մը: Սակայն, յայտնաբար անիկա տեղ չէր հասած եւ տասնամեակներ ետք յայտնուած էր հոլանտացի լրագրող Քարլ Համըր Քաաթիի քով:

Տարիներ շարունակ ծածկագրութիւնը վերծանելու իր ձախող փորձերէն ետք, Քաաթի ի վերջոյ անցեալ դեկտեմբերին հրապարակեց խազագրութիւնը եւ անմիջապէս ինքզինք գտաւ ե-նամակներու եւ առաջարկներու հեղեղի մը դիմաց: Թէեւ ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի, թէ խազագրութիւնը իրական է, սակայն անիկա կախարդական ձեւով կը նեգրաւէ բոլորը:

«Կը նմանի դէպի գանձ մը առաջնորդող քարտէսի մը, զոր կարելի չէ վերծանել», կ՛ըսէ պատմաբան եւ սիրողական հնագէտ Եուրկըի Փրոսք, որ Միթընվալտի շրջակայ լեռներուն մէջ յայտնաբերած է 1940-ական տարիներէն մնացած գերմանական միացեալ ուժերու իրեր եւ գինիի մառան մը:

Միթընվալտի Գաղտնիքը

Իսկ այժմ ժապաւէններ արտադրող բեմադրիչ Կիսըն կը հաւատայ, թէ լուծած է գաղտնիքը: Ան խազագրութեան վրայ աւելցած «Հոն, ուր Մաթիւ լարեր կը նուագէ» տողը կը կարդայ իբրեւ ակնարկութիւն մը Միթընվալտի եւ անոր հռչակաւոր զաւակ` Մաթիաս Քլոցի, որ հիմը դրած է գիւղաւանին ջութակ շինելու աւանդութեան: Աւելի՛ն. ան կը վիճի, թէ խազագրութիւնը կը պարունակէ քարտէսը 1940-ական տարիներուն Միթընվալտի շուրջ գործող երկաթուղիներուն, եւ թէ` խազագրութեան վերջաւորութեան «պարը աւարտէ» բառերը կը նշանակեն, թէ գանձը կը գտնուի հոն, ուր ժամանակին հաստատուած էր ոչ ոքի գօտին:

Միթընվալտի մէջ կատարուած պեղումները արդիւնաւէտ էին: Անոնք ի յայտ բերին մեծ քանակութեամբ մետաղներ: «Երկրաբաններ գտածոն կը նկատեն արտասովոր, որովհետեւ մետաղատեսակները չեն պատկանիր տուեալ միջավայրին», կ՛ըսէ Կիսըն: Այժմ ան կը փնտռէ պայթուցիկ նիւթերով պեղումներ կատարելու մասնագէտ ընկերութիւն մը, որպէսզի շարունակէ իր փնտռտուքը: Կիսըն կը յուսայ պեղումներուն ծախսերը հոգալ` 25 հազար եւրօ գոյացնելով հանրային հանգանակութեան կոչերով: Ան նաեւ կը մտածէ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստել ծրագիրին մասին:

Սակայն տեղացի պատմաբան Եուրկըն Փրոսք թերահաւատ է յայտնաբերումներուն նկատմամբ: «Թերեւս գանձարան մըն է կամ պարզապէս` թաքստոց մը», կ՛ըսէ ան:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Աշխարհը Կը Հալի

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.