Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն Չ-չ

September 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Գլխագիր ձեւով օձի է նման
Իսկ մանրագիրով` ժանիք թէ ատամ.
Ան լոկ տառ մը չէ, այլ բովանդակ բառ
Իր մէջ խտացած է ժխտական տարր.
«Ոչ» բառէն սերած, «ոչ» բառի վիժուկ,
Իր մերժողական բնոյթով կտրուկ.
Կը գերեվարէ բայերը` ստրուկ.
Բաւ է, որ կանգնի բայի մը առջեւ,
Ժխտականութեան իր թոյնին ներքեւ
Ան կ՛այլափոխէ բայը իր հիմքէն,
Բայը կը դառնայ ոսոխ ինքնիր դէմ.
Ինչպէս երբ կ՛ըսես` քեզ չսիրեցի,
Սիրոյ տեղ այնտեղ կայ հուրը ոխի,
Եւ ասոր նման շատ ուրիշ բայեր`
Ներել, գործել, տալ…- եւ շատ ուրիշներ –
Որ կը թելադրեն ներողամտութիւն,
Գործունէութիւն թէ զոհողութիւն…,
Անոնք կը փոխուին, «Չ»-ով դաւաճան.
Չներե՛լ` փոխուած` ոխակալութեան,
Չգործել` ուստի ժանգոտ ծուլութեան,
Չտալ` այսինքն վատ ագահութեան…:
Բայց չէ՞ որ թոյնն ալ կ՛ըլլայ օգտակար
Երբ ան գործածուի խիստ խոհեմաբար.
Չարիքը կրնայ դառնալ բարիք,
Օգտագործելով կերպը խելացի.
«Չ»-ն դրէք իր տեղն` ինչպէս չգողնալ,
Չատել, չսպաննել կամ չբարկանալ,
Եւ դեռ չստել, չայրել, չքանդել…,
Տեսէք, որ կրնաք դուք իրագործել
Թշնամոյն զէնքով որքա՜ն հրաշքներ,
Իրեն դէմ, եւ տեղին, զայն գործածելով,
Իսկ իրեն երբեք առիթ չտալով:

Երկրիս մէջ, աւա՜ղ, «Չ»-ն օտարագլուխ,
Չարաշահներու ձեռքին մէջ մի խումբ,
Կը մարէ ի սպառ ժողովուրդին մուխն,
Սրսկելով քէն եւ ատելութիւն:

 

 

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Սոնքութեան Դարը

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը Առաջարկ` Եպիսկոպոսական Ժողովին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.