Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Մտածողութեան Ազնիւին Մասին

September 18, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքական մտածողութիւնը եւ գործունէութիւնը եղած են ընկերութեան բարիքին ծառայելու համար: Այդ պէտք է ըլլայ անոնց ծնունդին եւ գոյութեան իմաստը: Բայց միշտ այդպէս չէ:

Քաղաքականութիւնը կ՛այլասերի, երբ կը կորսնցնէ իր հոգին, կ՛ապականի, կը դառնայ աթոռ, աթոռակ, կարգախօս, ամբոխավարութիւն եւ ինքնանպատակ մրցակցութիւն: Յաճախ` բոլորը միասին, զիրար լրացնելով եւ փճացնելով:

Անհատին ծառայելու կոչուած յաջողութեան ձգտող քաղաքականութիւնը դատարկուելով, կը վերածուի արտաքին տեսքի` համոզիչ ըլլալու համար, տեսք` հաճելի թուելու, հմայելու, երբեմն ալ յիշեցնելով օձահմաները, որոնց դեռ կը հանդիպինք ափրիկեան երկիրներու խճողուած հրապարակներուն վրայ: Այսինքն քաղաքական անձը այդ ձեւով կը դադրի իր նմանը յարգելէ` հրաժարելով բացատրելէ եւ բացատրուելէ, քաղաքացիին բարօրութիւնը նպատակ ունենալէ: Ան կը դադրի ըսելէ, թէ ինչո՛ւ ինք եւ ոչ միւսը:

Դէպի մարդը ուղղուած քաղաքականութիւնը կ՛այլասերի նաեւ, երբ կը վերածուի անհոգի դիւանակալութեան, վարչամեքենայի, գաղափարները եւ ծրագիրները իրենց տեղը կը զիջին երեւելիութեան ծարաւին եւ բազմերես փառասիրութիւններուն, որոնք նմանին ծառայելու միտումէ դատարկուած կ՛ըլլան:

Քաղաքական իրաւութեամբ ծառայած է Մահաթմա Կանտին: Մեր համեստ մակարդակին` Սիմոն Զաւարեանը: Անոնք ծառայութեան ճամբուն վրայ մերժած են անձնականը եւ պերճանքը:

Ժամանակակից քաղաքականութիւնը այնքա՜ն հարկատու դարձած է պատկերի եւ տեսքի, մեր խրճիթները, տուները եւ պալատները գրաւած այն պզտիկ պատուհանին ճնշման տակ, հեռատեսիլին, որ այլեւս քաղաքական մտածողութիւնը եւ քաղաքականութիւնը դադրած են համընթաց ըլլալէ: Աւա՜ղ: Պատկերը կը պարտադրէ մեր ընտրանքը: Կ՛անգիտացուին խորքը, ազնիւը:

Պիտի փորձուիմ քաղաքական մտածողութեան գովքը ընել: Ի հարկէ` իրաւին: Ան պէտք էր որ ունենար քաղաքակրթող դեր, այսինքն` այն հզօրութիւնը, որ մարդը վերստին բերէր մեծ մտածող Թէյար տը Շարտենի նկարագրած օղակներուն մէջ, ուր գլխագրուած Մարդը ինքզինք կ՛իրագործէ իր ոլորապտոյտ բաձրացման եւ իրականացման ընթացքին:

Աւելի պարզ խօսելով` քաղաքականութիւնը պէտք էր ըլլար հանդիպման շրջանակը եւ ոչ ինքնանպատակ դարձած մրցակցութիւններու դաշտը, որոնք յաճախ խեղճութիւններ կամ ստորութիւններ են: Հանդիպման շրջանակ` տնտեսութեան եւ անկէ գալիք բարօրութեան, միասնաբար ապրուած երջանկութեան, արդարութեան եւ հոգեմտաւոր նուաճման համար: Բայց այսօր ի՞նչ բան կը գտնենք մեր դիմաց. տնտեսութիւն, որուն նպատակն է վայրագ սպառումը, արդարութիւն, որ կատարուած իրողութիւնը սառեցուցած է օրէնքի մէջ, միտքը, որ դարձած է պատկերներու չաւարտող յաջորդութիւն: Քաղաքականութիւնը կը շփոթուի՞ երեկոյեան յոգնաբեկ տուն դարձած մարդոց զբօսանքին հետ, թէ՞ ունի այլ ազնիւ նշանակութիւն եւ առաքելութիւն: Ձագարէն հոսող բազմատեսակ դադար չունեցող «ցնցող» լուրերը ժամանակ չեն ձգեր մտածելու, դատելու եւ ջոկելու, այսինքն անհատը եւ ժողովուրդը կը մխրճեն ընդարմացման վիճակի մէջ` «քաղաքական» համարուած իրարանցումին նկատմամբ:

Ֆրանսայի մէջ քուէարկութենէն քառասունութ ժամ առաջ արգիլուած է քարոզչութիւն ընել: Ուրեմն օրէնքով մտածում եւ դատողութիւն կը պաշտպանուին տպուած թուղթի, ձայնի եւ պատկերի նախայարձակման դէմ, որպէսզի քաղաքացին ընտրութիւն կատարէ ըստ իր հասկացողութեան եւ խիղճին: Իսկ եթէ նախայարձակում կայ, ինչո՞ւ անոր չարիքը չկասեցնել քանի մը շաբաթ առաջ:

Իսկական քաղաքական մտածողութիւնը այն է, որ կը յաջողի գերանցում կատարել կողմնապաշտութիւններէ նեղմտութիւններէ, կրկնութիւններէ եւ կաղապարուած կեցուածքներէ: Ընտրելէ ետք «կողմ» մը, յաճախ կը կառչինք հրաշք-լուծումներու ակնկալութեան: Չափուած-ձեւուած եւ սառած հրաշքներ: Մինչդեռ քաղաքական միտքը որոնում է հասնելու համար լաւին, լաւագոյնին, բարիին եւ երջանկութեան: Այս ընելու համար պիտի գիտնանք, որ ճշմարտութիւնը մենաշնորհը չէ այս կամ այն պատնէշուած ճամբարին: Թերեւս մասնատուած`, ան կը գտնուի աստ եւ անդ:

Ի՛նչ ընել:

Թերեւս քաղաքական «մարզաձեւեր»-ուն մէջ պէտք  է, տեսքի եւ ներկայանալիութեան կողքին, որդեգրել եոկայի իմաստութիւնը, եւ ինքզինք դիտել` անգիտանալով տպաւորելու եւ մրցակցելու ճիգը, որպէսզի մենք մեզի հետ անկեղծ ըլլանք:

Այս ձեւով քաղաքականութիւնը կրնայ դառնալ մտածում, հետեւաբար լծակ եւ առաջնորդ` յառաջդիմութեան:

Իսկ յառաջդիմելու համար նախ պիտի հասկնանք բացասականութիւնները ձայնին, աղմուկին, պատկերին, կարգախօսին, քարացած եւ չափուած-ձեւուած եւ որպէս շապիկ ընդունուած հակա-մտածումին, որ կը ներկայանայ որպէս նախախնամութիւն: Այսպէս է, որ քաղաքակրթութիւնները կը մշակեն իրենց փճացումը եւ անկումը: Պատմութիւնը կը վկայէ, եթէ «ընթերցում»-ը կատարենք:

Այս խորհրդածութիւնները չեն վերաբերիր որոշ կացութիւններու, այս կամ ընտրութեան, այս կամ այն երկրի:

Ազգովին հարցեր ունինք, ներազգային հարցեր նաեւ, մենք` հայերս, աստ եւ անդ: Ժամանակն է, որ մեր ճամբան եւ մեր միտքը լուսաւորելու կոչուած ցոլացնող հայելիները իրենց ճիշդ տեղերը դնենք: Եթէ ուշանանք, պէտք չէ որ աւաղենք:

2 Սեպտեմբեր 2013, Պիքֆայա

Նախորդը

Ռուբէն Սեւակը Գալիս Է Տուն…

Յաջորդը

Ամէնուն Ուսուցիչը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.