Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ» ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ «ԳՈՅՆԵՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ» ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՈՒՄ

June 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արեւ Պետրոսեան ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտի խօսքը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի ուրոյն շեշտով հարուստ էր երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեանի «Գոյներ` Հայաստանէն» իւրայատուկ հաւաքածոյի ցուցահանդէսին բացումը: Սրահին պատերը զարդարած ստեղծագործութիւններուն մէջ ակներեւ էր գոյներու համադրման գեղեցկութիւնը, տարբեր տեսակի զգացումներու արտացոլումը, արուեստի իւրայատուկ աշխարհի մը առկայութիւնը:

Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու հովանաւորութիւնը կրող ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Արեւ Պետրոսեանի ուրոյն տաղանդը, որ շարունակութիւնն է անոր հօր` քանդակագործ Բենիկ Պետրոսեանի բացառիկ տաղանդին, որ միայն հպարտութիւն կը ներշնչէ, դիտել տուաւ ան: Այս առիթով ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան արուեստասէր ու արուեստը մնայուն կերպով քաջալերող ամոլին, որ ստանձնած է նման ցուցահանդէսի մը հովանաւորութիւնը եւ զայն իրականութիւն դարձուցած է:

Յակոբ Հաւաթեան
Վարդան Ադամեան

Յ. Հաւաթեան նշեց, որ Արեւ Պետրոսեանի ապակիի վրայ, ոսկեայ եւ արծաթեայ թերթերով, խառն թեքնիքով ծնած ստեղծագործութիւնը ո՛չ միայն մեծապէս արժեւորուած են Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս` անոր արուեստն ու տաղանդը փոխադրելով ամէնուրեք: Ան ըսաւ, որ նման ցուցահանդէս մը լիբանանահայ իրականութեան մէջ իր յատկանշական դրոշմը պիտի ձգէ անպայման:

Ապա այս առիթով յղուած Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան: Գրութեան մէջ վեր կ՛առնուէին Արեւ Պետրոսեանի տաղանդն ու հայկական արուեստը նորանոր ոճերով, սակայն հարազատութեամբ ներկայացնելու անոր ուղղութիւնը` հաստատելով, որ արուեստի աշխարհին մէջ ան արդէն իսկ ունի իր տեղն ու ներդրումը: Աւարտին Հայաստանի մշակոյթի նախարարը բեղուն գործունէութիւն, նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ մաղթած է արուեստագէտին:

Յովիկ Քիւրքճեան

Ապա սրտի խօսք արտասանեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Յովիկ Քիւրքճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես ցուցասրահին մէջ տարածուած ներուժին, լոյսին եւ գոյներու միախառնումէն ծնած լոյսի շողերուն: Ան դիտել տուաւ, որ պաստառներուն ընդմէջէն տարբեր նիւթեր եւ պատկերներ կը շողան ու անոնք կոչուած են գեղեցկացնելու իրենց գտնուած վայրը: Իր խօսքը աւարտելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին ցուցահանդէսի յաջողութեան համար:

Աւարտին խօսք առաւ արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեան. ան հաստատեց, որ արուեստով ու ստեղծագործութիւնններով աւելի խօսուն կրնայ արտայայտել իր միտքերն ու զգացումները, քան` բառերով: Ան ուրախութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութին նման գեղեցիկ, ջերմ, խստապահանջ գաղութի մը մէջ ըլլալուն համար, հոս ցուցահանդէսով ներկայանալուն համար: Ա. Պետրոսեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին, որ նման սրահի մը հիմնադրութիւնը իրականացնելով առիթ ստեղծած է տարբեր արուեստներու համախմբման` դիտել տալով, որ արուեստը սահման, լեզու, ազգութիւն չունի, այլ անիկա անծայրածիր է, արտայայտութիւնն է գեղեցիկին եւ վեհութեան:

Հայրենի արուեստագէտը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նաեւ կազմակերպիչներուն եւ հովանաւորներուն, որոնք արուեստի արժէքին գիտակցելով նման նախաձեռնութիւն մը իրականացուցած են:

Իր խօսքը եզրափակելով ան իր հօր` Բենիկ Պետրոսեանի մասին գիրք մը նուիրեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին:

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱԼԻՊԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.