Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Խմբագրական 1963-ի. Հերոսական Սուէտիան (Մուսա Լերան Ապստամբութեան 48-րդ Տարեդարձը)

September 14, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց պատմութիւնը վերջին տասնամեակներուն սուգ ու աւեր միայն կտակած պիտի ըլլար յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաե՛ւ սրբութեան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փառք ու պատիւ փոխանցած չըլլար մեզի` ապրողներուս:

Թուրքիոյ բոլոր ծագերուն վրայ արիւնազանգ նախճիր մը կը հիւսուէր, եւ հայկական բազմութիւնները մինչեւ Տէր Զօր եւ Եփրատ կը քշուէին մահուան ճամբաներէն, երբ բուռ մը հայեր իրենց արժանապատուութեամբ ապրելու վճռակամութիւնը կ՛աղաղակէին թուրքին թէ քաղաքակիրթ աշխարհին:

Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Այնթապ, Շապին Գարահիսար եւ Սասուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր մեծ ու փոքր խոյանքները մեր ժողովուրդին, անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն, եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ` ազատութեան ճանապարհին վրայ:

Անկախաբար այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն` զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Մուսա Լերան ապստամբութեան եւ միւս խիզախումներուն` պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու այսօր, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարու եւ յաջորդող շրջաններու յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն` ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի ու բիրտ ուժերու տիրապետութեան:

Եւ ի՞նչ կայ աւելի ողբալի, աւելի տրտում ու ցաւագին, քան` նոր սերունդներուն փոխանցել մի՛միայն նահատակներ ու զոհեր, միայն աւեր ու անփառունակ պարտութիւն:

Այսօր, պատմական հերոսամարտերէ մօտ կէս դար ետք, աւելի քան երբեք յստակ է հայոց պատմութեան համար, թէ չէր կրնար բացուիլ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը, եթէ հիւսիսային, հարաւային թէ արեւելեան նահանգներու մէջ հերոսական մարտնչումներու եւ ճակատագրական գոյամարտերու յանձնառու եղած չըլլար մեր ժողովուրդը, եւ յեղափոխական ոգին ընդմիշտ ցամքած ըլլար սերունդներու հոգիին մէջ:

Սուէտիոյ արծուեբոյնը դէպի ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհի առաջին հանգրուաններէն մէկն է, որուն վրայ բարձրացաւ հայուն արժանապատուութեան դրօշը:

Տարերային թափով մը պոռթկուն այդ խիզախումը, ինչպէս` մեր միւս բոլոր հերոսամարտերն ու գոյամարտերը, տրամաբանական  եւ դատողական հաշիւներու չեն տոկար անշուշտ:

Եթէ գոյամարտերը թուաբանական եւ տրամաբանական հաշիւներով մղուէին, գորշ ու սեւ էջերու ամբողջութիւն մը պիտի ըլլար միայն հայոց պատմութիւնը:

Սուէտիան կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր ըմբռնումներուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը` հերոսական ոգորումներէ ետք ստեղծուած ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյաքներու շրջանին միջեւ:

Այսօր, երբ հանդիսաւորապէս կը տօնենք տարեդարձը սրբազան այդ ըմբոստութեան, կ՛ուզենք, որ ամէն երիտասարդ ու պատանի իրեն համար ներշնչումի աղբիւր մը փնտռէ փառապանծ այդ դրուագին մէջ:

Ծանօթ է Վերֆելի գործը, ծանօթ են մանաւանդ այն տիպարները, որոնք ժողովրդական դասերու ու խաւերու ընդմէջէն կ՛արտայայտեն հայութեան գաղափարապաշտութիւնը, ազատատենչ ոգին, ժողովրդավար ըմբռնումները եւ մանաւանդ ազգային արժանապատուութիւնը:

Տատասկներու եւ փուշերու մէջ կորսուած` հարթ ու անշունչ հողաթումբեր չեն Սուէտիոյ ապստամբութեան հերոսներուն գերեզմանները: Մեռնողներու բո՛ւն տեղը մեր պատմութեան, հոգիին եւ առօրեայ ապրումներուն մէջ է` իբրեւ մշտական պատգամ, դէպի նոր կեանք եւ ազատութիւն:

Նախորդը

«Ի Խորոց Սրտի Խօսք Ընդ»…

Յաջորդը

Մեր Հարսը «Եապանճօ» Է. (Խաչի Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.