Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերսաչի»-ի Մուտքը Արցախ Կը Զայրացնէ Ազրպէյճանը

September 13, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան յայտարարած էր, որ իտալական հանրայայտ «Վերսաչի» ընկերութիւնը կը պատրաստուի իր ներկայացուցչութիւնը ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այդ լուրը Ազրպէյճանի մէջ վայնասուն ստեղծած է, հնչած են իտալական այդ ընկերութեան արտադրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կոչեր: Աւելի՛ն. Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլլայեւը անձամբ յայտարարած է, որ Իտալիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը կ՛ուսումնասիրէ տուեալ լուրը, եւ իբրեւ արդիւնք` նկատի առնուած են ընկերութեան արտադրութիւնները Ազրպէյճանի մէջ պոյքոթի ենթարկելու տարբերակներ:

Պոյքոթի կոչ ուղղողներուն կարգին էր նաեւ «Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութիւն»-ը, որուն առաջնորդը` Աքիֆ Նաղին հաստատած է, որ «Վերսաչի»-ն պէտք է վռնտել Ազրպէյճանէն, դիտել տալով, որ` «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալու վերաբերող ընկերութեան որոշումը քաղաքական դրդապատճառներ ունի»:

Այս մթնոլորտին մէջ «Արմէնփրէս»-ը զրուցած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանին հետ, որ ըսած է. «Արցախի Հանրապետութեան համագործակցութիւնը միջազգային յայտնի ընկերութիւնների հետ լաւ առիթ է Ազրպէյճանի համար աւելացնելու իր «սեւ ցուցակների» քանակը»:

Ան յայտնած է, որ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը բազմաթիւ համաշխարհային վաճառանիշներու հետ համագործակցելու գծով քայլերու ձեռնարկած է եւ պիտի շարունակէ ձեռնարկել: «Քանի որ Ազրպէյճանի սիրտը կարող է պայթել, մենք չենք ուզում հրապարակել բոլոր այդ ընկերութիւնների ցանկը: Ես կարծում եմ, որ Ազրպէյճանը պէտք է մի նոր «սեւ ցուցակ» պատրաստի, այս անգամ արդէն ոչ թէ` ֆիզիքական, այլ իրաւաբանական անձանց համար, այսինքն` բոլոր այդ ընկերութիւնների, հաստատութիւնների եւ այլնի», յայտնած է Բաբայեան` Ազրպէյճանին առաջարկելով «Սեւ ցանկ» մըն ալ պատրաստել պետութիւններուն համար:

Նախորդը

Թուրքիայի Հիւանդ Սուլթանը

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Սեմին. Տարիներ Անց

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.