Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաքրտական Ազգային Խորհրդաժողովը Քրտական Պետութեան Սահմանները Պիտի Ճշդէ

September 13, 2013
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իքիւրտ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թրքական «Ենիչաղ» օրաթերթը կիրակի, 25 օգոստոսին հաղորդած է, որ Իրպիլի մէջ նախատեսուած Համաքրտական ազգային խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի յայտարարուին «Քիւրտիստան պետութեան» սահմանները, որոնք պիտի ներառեն «Քիւրտիստանի չորս բաժինները», այսինքն` Իրաքի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քրտական բաժինները:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «Քիւրտիստան պետութեան» ճշդուելիք սահմաններուն շուրջ համախոհութեան հասած են տարբեր քրտական խմբաւորումներ, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներ իրենց Մեծն Միջին Արեւելք ծրագիրին մէջ վաւերացուցած են այդ սահմանները:

Թրքական օրաթերթը կը մատնանշէ, որ Մեծն Քիւրտիստանի յայտարարութեան մասին խօսակցութիւնները կը զուգադիպին ՔԱԿ-ի եւ Անգարայի կառավարութեան միջեւ գոյացած խաղաղութեան հոլովոյթի համաձայնութեան գործադրութեան հանգրուանին:

Համաքրտական ազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան յանձնախումբը երեքշաբթի, 20 օգոստոսին յայտարարած է, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 15-17 սեպտեմբերին, Իրպիլի մէջ, ներկայութեամբ 300 օտար հիւրերու եւ մասնակցութեամբ «Քիւրտիստան պետութեան» 600 քաղաքական գործիչներու, որոնց 40 առ հարիւրը կիներ պիտի ըլլան:

Չորս պետութիւններ (Թուրքիա, Սուրիա, Իրաք, Իրան) փորձած են ականահարել քրտական ազգային ինքնութիւնը, սակայն քիւրտերը այդ քաղաքականութիւններուն դիմադրեցին եւ իշխող վարչակարգերուն դէմ յեղափոխութիւններու ընթացքին հարիւր հազարաւոր զոհեր տուին, ըսաւ յայտարարութիւնը: Վերոյիշեալ չորս երկիրները այժմ կը սպասեն իր տեսակին մէջ առաջինը եղող Համաքրտական ազգային խորհրդաժողովին ու այդ ժողովի արդիւնքներուն:

Ըստ կարգ մը տարաձայնութեանց, խորհրդաժողովը, որ նախատեսուած էր 24 օգոստոսին, յետաձգուած է խորհրդաժողովի նախագահի պաշտօնին շուրջ քաղաքական խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութեանց պատճառով: Կը հաղորդուի, որ անոնք այժմ որոշած են, որ նախագահութիւնը հերթականութեամբ ըլլայ եւ առաջին անգամ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանին ստանձնէ այդ պաշտօնը:

Նախորդը

Ամերիկայի Արտաքին Քաղաքականութիւնն Ու Բարոյականութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիայի Հիւանդ Սուլթանը

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.