Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէրսիմի Բնակչութեան 75 Տոկոսին Արմատները Հայկական Են

September 13, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիուզ» լրատուական կայքի լրագրող Արթուր Յակոբեան ուրբաթ, սեպտեմբեր 6-ին յօդուած մը հրատարակած է Տէրսիմի իսլամացած հայերուն մասին:

Կարդալէ ետք հակահայ լուրերու հրապարակումով ծանօթ «Հապերվաքթիմ» կայքին վրայ լոյս տեսած լուր մը, ըստ որուն` Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մէջ կան մեծ թիւով իսլամացած հայեր, որոնք գաղտնաբար ծառայութիւն կը մատուցեն հայութեան, Յակոբեան կապ հաստատած է Միհրան Փրկիչին հետ, որ վերադարձած էր իր իսկական կրօնին եւ ստեղծած` Տէրսիմի հայերու միութիւնը:

Միհրան Փրկիչ, որ հայկական արմատներով իսլամներուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալու իրենց արմատներուն, ըսած է, թէ իր որոշումէն ետք որոշ թիւով իսլամացած հայեր նեղացած են իրմէ, որովհետեւ այն համոզումը ունեցած են, թէ իրենց գաղտնիքը անտեղ կերպով մը բացայայտած է` վտանգի հաւանականութիւնը ստեղծելով:

Միհրան Փրկիչ չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քանի՞ իսլամացած հայ կայ, սակայն շեշտած է, որ մարդիկ այլեւս պէտք չէ ծածուկ պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Տէրսիմի բնակչութեան 75 տոկոսին արմատները հայկական են, սակայն անոնց մէկ մասը ալեւի դարձած է, իսկ միւս մասը` քրտացած:

Միհրան Փրկիչ նշած է նաեւ, թէ ինք 15 տարի Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համար աշխատած է` հաստատելով, որ այդ կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ եւս իրենք զիրենք իսլամ ներկայացնող մեծ թիւով հայեր կան:

Իբրեւ օրինակ, ան կը յայտնէ, թէ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ ընտրական յաղթանակ արձանագրուած է այն շրջաններուն մէջ, ուր հայեր կը բնակէին 1923-էն առաջ:

Նախորդը

«Հալէպ Առաջին Կայարան». Մանկութիւն Ունեցող Տղու Մը Յուշերը (Հեղինակ` Զաւէն Խանճեան)

Յաջորդը

Ամերիկայի Արտաքին Քաղաքականութիւնն Ու Բարոյականութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.