Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Մօտենալը Թուրքիոյ Մեծ Անհանգստութիւն Կը Պատճառէ

September 10, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էկզամիներ» կայքէջին վրայ օգոստոս 27-ին լոյս տեսած փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ Փոլ Քուժաւսքիի յօդուածը կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան:

Ան կը գրէ, թէ 2015-ին ամբողջ աշխարհին վրայ պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` սով, մահեր, բռնաբարութիւններ, տանջանքներ ու սպանութիւններ, որոնք թրքական կառավարութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ գործած է հայ բնակչութեան դէմ:

Ի հարկէ, թրքական կառավարութիւնը եւ թուրքերու մեծամասնութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքեն պատմութեան այդ իրողութիւնը եւ յառաջ կը քշեն այլընտրանքային տարբերակ մը: Անոնք կ՛ըսեն, որ պատերազմ եղած է, երկու կողմերէն ալ զոհեր եղած են, խումբ մը պատմաբաններ պէտք է այդ հարցի ուսումնասիրութիւնը կատարեն… Թրքական կառավարութիւնը, ըլլայ ան քեմալական կամ իսլամական, չ՛ընդունիր ճշմարտութիւնը: Սեփական անցեալի համարձակ կերպով աչք նետելու Թուրքիոյ անկարողութիւնը Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ մշտական լարուածութեան աղբիւր կը հանդիսանայ:

Թուրքիա կտրուկ կերպով դէմ է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որեւէ փորձի: Մինչեւ այս պահս, ան զգալի յաջողութիւններու հասած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փորձերու ճնշման ժամանակ` ըլլալով ՕԹԱՆ-ի կարեւորագոյն ռազմավարական անդամներէն: Օրինակ, պատասխան դիւանագիտական միջոցառումներու դիմելու սպառնալիքները մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ետ կը պահեն համապատասխան բանաձեւի որդեգրումէն:

Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սարերու ետեւը չէ:

1) Աւելի շատ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի, բազմաթիւ կառավարութիւններ պաշտօնապէս պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ

2) Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի շատ հիասթափութիւններ ապրիլ ու զսպել զայրոյթը: Վերջին ժամանակներուն այդպիսի դէպքեր եղած են: Կարելի է աւելին ակնկալել:

Բազմաթիւ երկիրներ կը դադրին Թուրքիայէն վախնալէ: Բայց եւ այնպէս, Օպամայի կառավարութիւնը Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներու շարքին չէ: Օպաման պատրաստ է «զանգուածային սպանութիւններու» եւ «ոճրագործութիւններու» մասին խօսելու, սակայն «ցեղասպանութիւն» բառը արգիլուած է: 2015-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր նախագահ պիտի ընտրեն, ուստի տեսնենք` ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ:

Քիչերը կը կասկածին, որ Թուրքիան այդ հարցին պատճառով պիտի մեկուսանայ եւ առաւել յարձակողականութիւն պիտի ցուցաբերէ:

Նախորդը

1915 Թուականը Ինձ Զրկեց Իմ Մանկութեան Հայ Ընկերոջից

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.