Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ երէկ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ քաշուեցաւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Լուրը հաղորդող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ Ատամ Մահեր (Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն) եղաւ Վաարթը փոխարինողը: 20 տարեկան Մահեր չորս անգամ կրած է Հոլանտայի շապիկը:
Հոլանտա, որ այժմ կը գրաւէ Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, վաղը կը մրցի Էսթոնիոյ դէմ, իսկ այդ մրցումէն չորս օր ետք` Անտորրայի դէմ:


