Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ՍՓԻՒՌՔԷՆ ՍՈՐՎԵԼԻՔ ՈՒՆԻՆՔ, ՆՈՅՆՊԷՍ ԱԼ ՍՓԻՒՌՔԸ` ՄԵԶՄԷ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՉ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

June 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Մոնօ» թատերասրահին մէջ ընթացք կ՛առնեն Համազգայինի «Քնար» պարախումբի տարեկան ելոյթները` մասնակցութեամբ հայրենի ժողովրդային գործիքներու նուագախումբին: «Քնար»ի գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցն է Ֆելիքս Յարութիւնեան:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի ժողովրդային գործիքներու նուագախումբի գեղարուստական ղեկավար Հրաչ Նազարեանի հետ:

Մեր զրոյցին առաջին բաժինով Հրաչ Նազարեան անդրադարձաւ Համազգայինի հետ գործակցութեան եւ յայտնեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ որ նուագախումբը եւ Համազգայինը իրարու հետ կը համագործակցին, նախապէս անոնք տարբեր առիթներով ներկայ եղած են Հայաստանի պետական համոյթին հետ եւ «Քնար» պարախումբը ընկերակցած է իրենց, իսկ այժմ նուագախումբը հրաւէր ստացած է ընկերակցելու «Քնար» պարախումբին:

Խօսելով «Քնար» պարախումբին մասին` Հ. Նազարեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ ինք ծանօթ է խումբին եւ գեղարուեստական ղեկավար Ֆելիքս Յարութիւնեանի աշխատանքին, այս իմաստով ալ իր գնահատանքը յայտնեց եւ նշեց, որ «Քնար» բարձրորակ ելոյթներ կը ներկայացնէ եւ ի զուր չէ, որ իրենք ամիսներ առաջ սկսան աշխատանքի` պատրաստելու համար ծրագիրը, եւ այստեղ նոյնպէս ամէն օր փորձերու ընթացքին նոյնքան կ՛աշխատին, որպէսզի ելոյթները ունենան մեծ յաջողութիւն:

Մեր զրոյցին ընթացքին նաեւ խօսեցանք կենդանի երաժշտութեան ստեղծած մթնոլորտին մասին: Գեղարուեստական ղեկավար Հրաչ Նազարեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր պարող կը նախընտրէ կենդանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պարել, որովհետեւ այդ երաժշտութեան շունչն ու զգացումը անմիջական է` աւելցնելով, որ առաջին փորձին ընթացքին խումբի անդամները թէեւ յոգնած, բայց անդադար կ՛ուզէին պարել այդ երաժշտութեան հետ, որովհետեւ անիկա մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ, յատկապէս երբ համակարգումը լաւ է եւ պարախումբի անդամները փորձառու են:

Այստեղ ան շեշտեց, որ ինք «Քնար» պարախումբին նկատմամբ իր կարծիքը փոխանցած է պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին` ընդգծելով, որ «Քնար»ի անդամներուն ելոյթը իւրայատուկ էր եւ կը տարբերէր իր որակով այլ խումբերու ելոյթներէն:

Ինչ կը վերաբերի պարախումբ – նուագախումբ համագործակցութեան, Հրաչ Նազարեան յայտնեց, որ համադրումը շատ հեզասահ ընթացած է, առանց մասնաւոր դժուարութեան:

Ինչ կը վերաբերի յայտագիրին, գեղարուեստական ղեկավար Հրաչ Նազարեան չուզեց ամբողջութեամբ բացայայտել ծրագիրը, որպէսզի ներկաները չզրկուին անակնկալներէն, բայց յայտնեց, որ ճոխ է յայտագիրը եւ նորութիւններ կան:

Անդրադառնալով նուագախումբի անդամներուն` ան յայտնեց, որ իրենք այստեղ եկած են 7 հոգիով եւ իւրաքանչիւրը պիտի նուագէ տարբեր գործիք` տհոլ, քամանչա, տուտուկ, քլարինեթ, զուռնա եւ այլն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման նախաձեռնութիւններ որքանո՞վ կը նպաստեն Հայաստան – սփիւռք կապերու ամրապնդման, Հրաչ Նազարեան յայտնեց, որ անոնք մեծապէս կը նպաստեն եւ երկուստէք օգտակար են նման նախաձեռնութիւնները, որովհետեւ անոնք սփիւռքէն ունին սորվելիք, նոյնպէս եւ սփիւռքը` իրենցմէ, որովհետեւ որքան ալ փորձառու ըլլայ մարդ անհատը եւ երկար ապրի, տակաւին սորվելիք ունի: Գնահատելով յատկապէս մշակոյթի մարզին մէջ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու ունեցած կարեւորութիւնը` հաստատեց, որ նման գործակցութիւնները անհրաժեշտ են: Իսկ արուեստագէտին համար երբ ան դուրս կու գայ իր միջավայրէն, այս պարագային երբ հայ արուեստագէտը Հայաստանէն դուրս ելոյթներ կ՛ունենայ, այդ մէկը իրեն համար յաւելեալ ուժ եւ թափ կու տայ շարունակելու, որպէսզի իր կատարումները լսեն մեծ թիւով մարդիկ:

Այս առիթով ան օրինակ տուաւ տուտուկը. այսօր տուտուկը աշխարհի մէջ ծանօթ է իբրեւ հայկական գործիք` ծիրանի երկրին յատուկ, եւ ամէն մարդ կը ճանչնայ այդ իրողութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Հրաչ Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` շեշտելով, որ ինք սիրով ընդառաջած է հրաւէրին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ունի մեծ թիւով հարազատներ եւ այստեղ իր տան պէս կը զգայ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան` ներկայ ըլլալու ելոյթներուն եւ վայելելու պարային բարձրորակ կատարումները, ինչպէս նաեւ իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց լիբանանահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:

Յայտնենք, որ «Քնար պարախումբի ելոյթները տեղի կ՛ունենան 9-10-11 եւ 12 յունիսին, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, իսկ երկուշաբթի, 13 յունիսին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ: Ցերեկոյթ` 12 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Մոնօ» սրահին մէջ:

 

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յաջորդը

ՕՊԱՄԱ ՄՏԱՀՈԳ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐՏՔՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.