Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Միջցամաքամասային Խմբապետներու Վերաորակաւորման Եւ Վկայեալ Կարգի Միացեալ Դասընթացք (25-29 օգոստոս, Թորոնթօ, Քանատա)

September 5, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, միջցամաքամասային խմբապետներու վերաորակաւորման եւ վկայեալ կարգի միացեալ դասընթացքը սկիզբ առաւ կիրակի, 25 օգոստոս 2013-ին, Թորոնթօ, Քանատա, Սէյնթ Քաթրինզի շրջանին մէջ:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները` գլխաւորութեամբ Տիրան Շահինեանի, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամները ու մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ սկաուտական խորհուրդներու անդամները:

Դրօշակի արարողութենէն ետք, Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Տիրան Շահինեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նմանօրինակ դասընթացքներու կարեւորութեան` կարեւոր նկատելով անկէ սպասուած արդիւնքները շրջաններուն աշխատանքներուն վրայ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան, որ այս դասընթացքը կը կատարէ Թորոնթոյի մէջ` հիւրընկալութեան քաղցր պարտականութիւնը վստահելով Քանատայի շրջանին:

Կարպիս Գապասագալեան Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առնելով` դասընթացքի մասնակցող խմբապետ-խմբապետուհիները հրաւիրեց գիտակցելու այն պարտականութեան, որուն կոչուած են իրենց պաշտօններուն բերումով` դաստիարակելու նորահաս սերունդները` կակուղ թաթիկէն մինչեւ երէցները, ան նաեւ նշեց, որ շրջաններու պատասխանատու մարմինները կ՛ակնկալեն, որ այս դասընթացքին իրենց մասնակցութեամբ դրական ներդրում ունենան իրենց շրջանները վերադառնալէ ետք` շեշտելով, որ այս մէկուն յաջողութիւնը կախեալ է իւրաքանչիւրին ներգործօն դերակատարութենէն: Ապա խօսքը ուղղելով հիւրընկալ շրջանին` Քանատային, ան բարձրօրէն գնահատեց շրջանի մասնաճիւղերն ու պատասխանատու մարմինները, որոնք իրենց բացառիկ ու ջերմ հիւրընկալութեամբ ոչինչ խնայած էին հեռաւոր թէ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քոյր-եղբայրներուն ընտանեկան մթնոլորտի մէջ պահելու:

Ապա  Գառնիկ Նազարէթեան Կարպիս Գապասագալեանին, Թալին Հինտոյեանին ու Ալին Պաղտասարեանին յանձնեց յիշատակի սկաուտական գաւազաններ, որոնք պատրաստուած էին իր կողմէ` ձեռային խնամուած աշխատանքով:

 

 

 

 

 

 

 

Հնգօրեայ դասընթացքի ծիրին մէջ մասնակցողները միասնաբար սերտեցին, ուսումնասիրեցին, քննարկեցին ու ներկայացուցին ազգային, միութենական, սկաուտական դաստիարակչական նիւթեր, որոնք կը վերաբերին սկաուտական խմբաւորումներու գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ գործնական կիրարկումներով կատարուեցան սկաուտական արարողութիւններ:

Դասընթացքին ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեանը, իսկ դասընթացքի ծրագիրի գործադրութիւնը վստահուեցաւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբին, որուն անդամներէն  Գառնիկ Նազարէթեանը, Թալին Հինտոյեանը եւ Ալին Պաղտասարեանը եւս ներկայ եղան դասընթացքին:

Դասընթացքին մասնակցեցան Քանատայէն 24, Հարաւային Ամերիկայէն 13, Աւստրալիայէն 4, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն 2 եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն 3 գայլիկ-արծուիկ, արի-արենուշ, երէց-պարմանուհի խումբերու խմբապետ-խմբապետուհիներ:

Դասընթացքի նախօրեակին` շաբաթ, 24 օգոստոսին, բանակողները նախաճաշի հիւրը եղան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ հովիւ Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեանին եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը վայելեցին նաեւ թեմի  առաջնորդին` Խաժակ արք. Յակոբեանին ներկայութիւնը, որ իր հայրական յորդորներն ու օրհնութիւնը տուաւ խմբապետներուն, ապա հայր Մեղրիկ յուշանուէրներ յանձնեց ներկաներուն, որոնք եկեղեցւոյ մէջ յիշատակի նկարներ առնելէ ետք հրաժեշտ տուին հոգեւոր հայրերուն:

Դասընթացքին մասնակիցները նաեւ այցելեցին քաղաքի տեսարժան վայրերը, ապա յատուկ դասաւորումով մը` նաեւ «Ճորճթաուն» կեդրոնը, ուր ապաստան գտած էին Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած 50 որբեր: Խոնարհելէ ետք անոնց յիշատակին զետեղուած յուշաքարին առջեւ, երեկոյեան մեկնեցան բանակավայր:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ազատ Բեմ. Հայաստան-Արցախ Ի՞նչ Կ՛ուզեն Սփիւռքէն, Սփիւռքն Ալ` Հայաստան-Արցախէն

Յաջորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.