Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տունդարձի Փորձառութիւնը Ապրելու Եւ Հոն Աշխատելու Կոչով`. Վարդան Մարաշլեան, Սէմ Սամուէլեան Եւ Րաֆֆի Գասարճեան Զեկուցեցին Հայրենադարձութեան` «Ռիփեթ Արմենիա»-ի Փորձառութեան Մասին

September 3, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

«Ռիփեթ Արմենիա», «Պըրթրայթ Արմենիա», «Արի տուն» եւ համանուն հայկական կազմակերպութիւններ կ՛առաջադրեն աշխարհասփիւռ հայորդիներու հայրենադարձութիւնը, տունդարձը` իրենց կարողութիւններով ու հմտութիւններով հայրենիքը ծաղկեցնելու ձգտող ազգօգուտ նախաձեռնութեամբ:

Այս մասին հաճելի ու շահեկան զրոյց մը կայացաւ կիրակի, 1 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: «Ռիփեթ Արմենիա» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն Սէմ Սամուէլեան ձեռնարկին բացումը կատարելով անդրադարձաւ «Ռիփեթ Արմենիա» կազմակերպութեան հիմնական նպատակներուն, գործունէութեան ձեւին եւ այլ մանրամասնութեանց: Ան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան մասին` յայտնելով, որ 13 տարի առաջ Լիբանանէն վերադարձած է հայրենիք, ուր հիմնած է ընկերութիւններ, ճաշարաններ, ստանձնած է, օրինակ` «Քիա մոթորզ» եւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեանց  Հայաստանի մէջ յանձնակատարի պատասխանատուութիւնը` թելադրելով, որ նման եւ այլ առեւտրական կարելիութիւններ ձեռնտու են բոլոր անոնց համար, որոնք տրամադիր են տունդարձի եւ իրենց կարելիութիւններն ու հմտութիւնները դնելու ի սպաս հայրենիքի զարգացման եւ ծաղկումին: Ապա ան խօսքը փոխանցեց «Ռիփեթ Արմենիա» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեանին: Նմանապէս, Մարաշլեան, որ ծնած է Հայաստան ու 30 տարի ապրած Մոսկուայի մէջ, վերադարձած է հայրենիք, ուր վարած է սփիւռքի փոխնախարարի պաշտօնը եւ վերջերս, 2010-ին, հիմնած է աշխարհասփիւռ հայորդիները տունդարձի մղելու եւ հայրենիքի ծաղկման զարկ տալու քաջալերող  «Ռիփեթ Արմենիա» կազմակերպութեան ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը: Շուրջ երկու ժամ տեւած այս խիստ օգտաշատ զրոյցին ընթացքին Մարաշլեան «սքայփ»-ի միջոցով կապուեցաւ նաեւ  կազմակերպութեան պատասխանատու այլ անդամներու` Րաֆֆի Գասարճեանի («Քորփորէյշըն Արմենիա, Ռիփեթ Արմենիա»), Րաֆֆի Տուտագլեանի եւ Վահէ Քէօշկերեանի (բոլորն ալ Լիբանանէն մեկնած) հետ, որոնց անունով Րաֆֆի Գասարճեան խօսեցաւ կազմակերպութեան գործունէութեան  այլ մանրամասնութեանց եւ իրենց փորձառութեան մասին: Իսկ «Պըրթրայթ Արմենիա» կազմակերպութենէն Հրակ Ոսկերիչեան, Մարաշլեանի եւ Սամուէլեանի կողքին խօսեցաւ նշեալ կազմակերպութեան «Դէպի Հայք» ծրագիրի գործունէութեան եւ հայրենիք թէ Արցախ այցելել փափաքող աշխարհասփիւռ հայորդիներուն տրուելիք դիւրութիւններուն մասին: Իբրեւ կամաւոր` Ոսկերիչեան անդրադարձաւ իր ապրած փորձառութեան, կոչ ուղղելով բոլորին անպայման հայրենիք եւ Արցախ այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու ու ապրելու  հայկական բնօրրանի ազգաշունչ մթնոլորտը: Ապա Վարդան Մարաշլեան եւ  Սէմ Սամուէլեան մերթ ընդ մերթ զեկուցեցին «Ռիփեթ Արմենիա» կազմակերպութեան գործունէութեան մանրամասնութեանց, ձեռք ձգած իրագործումներուն, արդիւնքներուն եւ ապագայի հեռանկարներուն շուրջ: Տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ թուական պատկերներով անոնք նշեցին իրենց իրագործումները, օրինակ` թէ քանի հայրենադարձներ գործ գտած են կամ նոր ասպարէզ հիմնած են եւ այլն: Անոնք նաեւ անդրադարձան հայրենիքի մէջ սուրիահայերու կացութեան: Մարաշլեան ընդգծեց, որ անխտիր հայկական բոլոր գաղթօճախներէն հայորդիներ կը դառնան հայրենիք եւ իրենց կազմակերպութիւնը ամէն ձեւով կը ջանայ օգտակար ըլլալ ու նպաստել անոնց տեղակայման իրականացման հայրենիքի մէջ: Սամուէլեան խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր հայրենադարձի ցուցմունքներ կը տրուին աշխատանքի, կրթութեան, նոր ասպարէզի հիմնումի նախաձեռնութեան եւ այլ պէտքերու մասին: Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի, գաւառներու հետ կապի մասին «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով Մարաշլեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը տրամադիր է ընդառաջելու եւ գործակցելու աշխարհասփիւռ բոլոր հայորդիներուն հետ անխտիր, հիմնականը` իրենք պէտք է նախ այդ պատրաստակամութիւնը ցուցաբերեն: «Ի վերջոյ ասիկա մեր հայրենիքն է ու մենք պէտք է զարկ տանք անոր զարգացման ու ծաղկումին», ընդգծեց Մարաշլեան: Զրոյցի աւարտին, Մարաշլեան, Սամուէլեան եւ Գասարճեան պատասխանեցին  ներկաներու հարցումներուն:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար ներկաներուն ցրուեցան նշեալ կազմակերպութեանց ելեկտրոնային հասցէները.

www.repatarmenia.org 

www.birthrightarmenia.org

 

Նախորդը

Ռէալ Մատրիտի Նորեկ Մարզիկ Պէյլ Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.