Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տի Իքոնոմիսթ» Կ՛անդրադառնայ Տիգրանակերտի Եկեղեցւոյ Հարցին

September 3, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, օգոստոս 24 թուակիր իր նորագոյն թիւին մէջ բրիտանական հեղինակաւոր «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը տպած էր «Մոխիրներէն» խորագիրով եւ «Թուրքիոյ հայերը կը սկսին տօնելու եւ ոգեկոչելու իրենց անցեալը» ենթախորագիրով յօդուած մը` «Գիրեր եւ արուեստներ» բաժինին մէջ, որ նուիրուած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայոց եկեղեցւոյ կից հայկական թանգարան մը հիմնելու ծրագիրին:

Յիշեցնենք, թէ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք պայմանագիր մը ստորագրած էին յուլիսի կիսուն` եկեղեցւոյ կից քաղաքային թանգարանի մը շինութեան ձեռնարկելու նպատակով: Անոնք որոշած են այդ թանգարանին մէջ ցուցադրել հայոց վերաբերեալ հնութիւններ` քաղաքը աւելի լաւ ձեւով ծանօթացնելու համար օտարներուն:

Եկեղեցիէն բաժին մը անվճար կերպով տրամադրուած է քաղաքապետութեան, իսկ քաղաքապետութիւնը կ՛օգնէ Թաղային խորհուրդին, որպէսզի հին հայկական իրեր, փաստաթուղթեր եւ այլ հայապատկան տեղեկութիւններ ապահովուին եւ յանձնուին թանգարանին: Քաղաքապետութիւնը յանձն պիտի առնէ թանգարանին մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծախսերը պիտի ապահովէ:

«Տի Իքոնոմիսթ»-ի յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ եկեղեցւոյ վերակառուցման` զայն նկատելով հայութիւնը սիրաշահելու Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան մասնիկ մը, միաժամանակ յիշեցնելով, թէ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Հոն նաեւ կը նշուի, թէ օրական հարիւրաւորներ կ՛այցելեն եկեղեցին. անոնց մէջ կան նաեւ իսլամացած հայեր. նաեւ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ քիւրտերուն մեղսակցութեան համար ներողութիւն խնդրելու նպատակով որոշ քիւրտ ղեկավարներու կատարած կոչերուն մասին:

«1915-ի իրականութիւնը կարելի չէ պահել, բայց իբրեւ երիտասարդ հայ` ես նաեւ չեմ ուզեր իբրեւ զոհ ճանչցուիլ, որովհետեւ հպարտ ջահակիրն եմ հարուստ քաղաքակրթութեան մը, որ ոչ միայն վերապրած է, այլ կը շարունակէ աճիլ», ըսած է Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին դուստրը` Փելինը:

Նախորդը

Վանի Մէջ` Գաղտնի Եկեղեցիներ

Յաջորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.