Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ` ՃԱՄԱՅԻՔԱՅԻ ՄԷՋ

June 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 18 մայիս 2011-ին, Քինկսթընի մէջ (Ճամայիքա), հաւաքական աղօթքով տեղի ունեցաւ բացումը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարին, որուն ներկայ եղան պետական անձնաւորութիւններ եւ զանազան եկեղեցիներու աւելի քան 1000 ժողովականներ:

Համագումարին ընդհանուր թեման է` «Փա՛ռք, բարձունքներու մէջ բնակող Աստուծոյ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սոյն համագումարին մասնակցեցաւ քառանդամ պատուիրակութեամբ` Նարեկ արք. Ալեմեզեան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու), Անուշաւան եպս. Դանիէլեան (առաջնորդական փոխանորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի), Մարք Ա. սրկ. Շիրին (Ֆրեզնօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ եւ Սեդա Խտըշեան (Լիբանան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդ):

Ընդառաջելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի հրաւէրին, Նարեկ սրբազան մաս կազմեց համագումարի պատգամի յանձնախումբին, իսկ Անուշաւան սրբազան ստանձնեց Ս. Գիրքի սերտողութեան խմբակի մը առաջնորդութիւնը:

Հինգշաբթի, 19 մայիս, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները եւ լիագումար նիստերով ու խմբակներու հանդիպումներով քննարկեց «Խաղաղութիւնը համայնական կեանքին մէջ» թեման:

Նոյն օրը Նարեկ սրբազան երկու հարցազրոյցներ ունեցաւ Համաշխարհային ուսանողներու քրիստոնեայ կազմակերպութեան համացանցի պատասխանատուին եւ Ճամայիքայի հեռատեսիլի կայանի խօսնակին հետ ու ընդգծեց խաղաղութեան հրամայականը` Միջին Արեւելքի մէջ եւ պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններուն մասնայատկութիւնները: Ան նաեւ մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուներու ժողովին:

Նախորդը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ԵՍ ՄԵԾ ՀԱՅՐԻԿ ՉԵՄ ՈՒՆԵՑԱԾ

Յաջորդը

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՆՇՈՒՄ` ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.