Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Ուսանողութիւնը Եւ Երիտասարդութիւնը Ուխտեցին Շարունակել Պայքարը. Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 20-ամեակին Առիթով Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն

September 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 20-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2013-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան, տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն: «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին նահատակին ընտանեկան պարագաները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ գաղափարակիցներ ու երիտասարդներ:

Արամ Սոմունճեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ ԶՈՄ-ին եւ ԼԵՄ-ին անունով խօսք առաւ Արամ Սոմունճեան, որ նշեց, թէ Մհեր Ջուլհաճեան իր կեանքը նուիրեց իր հայրենիքին ու միացաւ նահատակներու հերոսական փաղանգին: Սոմունճեան ըսաւ, որ Ջուլհաճեան իր նահատակութեամբ հաստատեց, որ սփիւռքահայը հայ ժողովուրդի պայքարին մէջ մեծ դեր ունի, եւ պայքարով կարելի է տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն: Ան յայտնեց, որ նահատակներու արեան կաթիլներով ազատագրուած հայրենիքէն հողի զիջումը անընդունելի է եւ վերաբնակեցումը կանխարգիլման լաւագոյն միջոցն է:

Ապա ներկաները դիտեցին Մհեր Ջուլհաճեանին կենսագրութիւնը եւ վկայութիւններ ներկայացնող տեսերիզ մը, որուն ցուցադրութենէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Տիգրան Ճինպաշեան:

Ան ըսաւ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ սկսած հրապարակային պայքարը իր սկզբնական շրջանին խաղաղ եւ ժողովրդավար բնոյթով վարակեց ամբողջ հայութիւնը` Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս:

Տիգրան Ճինպաշեան

Ճինպաշեան նշեց, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի առաջնորդ կազմակերպութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ ու առաջնորդող մասնակցութիւն չունենալ իր ծրագրային նպատակներուն համապատասխանող պայքարին մէջ: Ան աւելցուց, որ երբ հայրենի հողէն լսուեցաւ «Դէպի երկիրս կանչը, ընտրեալ սերունդը` ուսում առածները, գաղափարական նպատակ ունեցողները շտապեցին պայքարի դաշտ, եւ այդ ընտրեալներէն մէկն էր Մհեր Ջուլհաճեան, որուն համար նահատակուելու ուխտը աւելի հզօր էր, քան` վախը մահէն կամ սէրը` կեանքէն:

Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ ուսուցիչ, կազմակերպական գործիչ, վարիչ եւ մարտական մարզիչ Մհեր Ջուլհաճեանի գործունէութեան ամէնէն բնորոշ յատկանիշը Դաշնակցութեան առաջին սերունդներուն կողմէ նուիրագործուած բարոյական նկարագիրն էր, կարգապահութիւնը եւ գաղափարական հաւատքը:

Գառնիկ Սարգիսեան

Ան նաեւ նշեց, որ պայքարի ճակատին վրայ կարիքը ունինք Մհեր Ջուլհաճեաններու հաւատքով տոգորուած երիտասարդներու, որոնք մէկդի կը ձգեն երկրորդական նկատառումներ եւ պատրաստ կ՛ըլլան միացեալ եւ ազատ Հայաստանի հիմքը հանդիսացող Հայաստանի ու Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն հզօրացման համար նուիրելու իրենց բոլոր կարելիութիւնները:

Օրուան պատգամէն ետք ելոյթ ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան:

Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ Պետրոս Սեմերճեանի նուիրուած երգին հաւաքական կատարումով:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ամերիկեան Յարձակումին Յետաձգումէն Ետք. Հանգիստ Մթնոլորտ` Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.