Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

June 8, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական շարժումի հիմնադրութեան 165-ամեակին առթիւ, ՄԱՀԱԵ Միութեան կրթական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական վարժարաններու տնօրէն խորհուրդին, ուրբաթ, 27 մայիս 2011-ին, Այնճար հայաւանի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի ընդարձակ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօն մը` աւետարանական վարժարաններու աշակերտութեան միջեւ:

Առաւօտ կանուխ, մեծ խանդավառութեամբ, Պէյրութի հայ աւետարանական հինգ վարժարաններու սաները (4-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարան) հասան Այնճար` միանալու համար տեղւոյն Հայ աւետարանական վարժարանի սաներուն: Իրարմէ զանազանուելու համար իւրաքանչիւր վարժարանի սաներուն տրուեցան տարբեր գոյնի գլխարկներ:

Բացումը կատարեցին Այնճարի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի անդամները, որոնք հնչեցուցին լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգները: Պատուելի Հրայր Չոլաքեանի աղօթքէն ետք, խիստ կարգապահութեամբ եւ բարձր կազմակերպութեամբ, պատասխանատուութիւնները բաժնուեցան եւ բոլորը անցան մեղուաջան աշխատանքի:

Փառատօնին կանխող ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած էին պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խաղեր, որոնց եզրափակիչ խաղերը կատարուեցան Այնճարի մէջ, նաեւ աթլեթի խաղեր` ինչպէս 100 մ. եւ 200 մ.  վազք, դրօշարշաւ, պարան քաշել եւ պարկարշաւ:

Չորս երկրորդական վարժարաններու մեծ տղոց պասքեթպոլի խումբերը լուրջ պայքար կը տանէին տիրանալու համար առաջնութեան բաժակին, ի վերջոյ յաղթական եղաւ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը (Էշրեֆիէ), իսկ միջակ տղոց խումբին մէջ` Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանը, աղջիկներու խումբը դարձեալ` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը:

Ֆութպոլի առաջնութեան տիրացան Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարան (պզտիկներու խումբ), Հայ աւետարանական քոլեճ (միջակներու խումբ), Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան (մեծերու խումբ):

Հանգիստի եւ ճաշի պահէն ետք տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու յանձնում: ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբի նուագով սկսաւ պաշտօնական եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, Այնճարի քաղաքապետին, հիւրերու, հարիւրաւոր աշակերտներու, ծնողներու եւ այնճարաբնակներու:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան գնահատելով տարուած աշխատանքը` ընդգծեց մարզական կեանքի ունեցած հոգեմտաւոր ազդեցութիւնը դաստիարակութեան մէջ: Բան մը, որուն պահանջը օրէ օր աւելիով կը զգացուի: Նաեւ ան շեշտեց նմանօրինակ ձեռնարկներու ընթացքին առողջ մրցակցութեան ոգիի զարգացումը: Ան խորհուրդ տուաւ լաւին ձգտիլ` պարկեշտ միջոցներու դիմելով:

ՄԱՀԱԵ Միութեան կրթական խորհուրդին անունով խօսք առաւ փոխատենապետուհի Սօսի Պալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, անոնց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, նաեւ` Հայ աւետարանական վեց վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն, կազմակերպիչ մարմինին` վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանին, Մեսրոպ Քենտիրճեանին եւ Սեպուհ Պոյաճեանին, հիւանդապահուհիներուն, որոնք ամէն ճիգ թափած էին յաջողութիւն ապահովելու համար սոյն փառատօնին:

Հուսկ, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի առաքելական աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Աշակերտները Այնճարէն հեռացան գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութեամբ: Միօրեայ պտոյտի կողքին, մարզական աշխուժ եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ, առիթը ունեցած էին մօտէն ծանօթանալու քոյր վարժարաններու իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն հետ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

ՊԱՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ

Յաջորդը

ՄԱԿԻՆ` ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.