Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք Կսկիծի, Զայրոյթի Եւ Յարգանքի

August 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Օգոստոս 23-ին կը լրանայ դաւադիր գնդակին զոհ դարձած արցախեան ազատամարտի հերոս ընկ. Հրաչ Մուրատեանին յիսնամեակը: Ուղիղ մէկ տարի առաջ մենք պայմանաւորուած էինք, որ միասին պիտի նշենք այդ տարեդարձը, սակայն թրքածին ոճրագործը թոյլ չտուաւ, որ Կարօտի ու Պետոյի զինակից մեր ընկերը շարունակէր հայրենիքի ծառայութեան իր գործը, եւ ես այցի եկայ Պետօ Ղեւոնդեանի կողքին տեղաւորուած շիրիմին:

Սիրելի՛ ընկեր, քու նահատակութիւնդ, ինչպէս միւս բոլոր ազատամարտիկներուն կորուստը, անկասկած մեծ ցաւ է քու ընտանիքիդ, հարազատներուդ, կուսակիցներուդ, մարտական ընկերներուդ, համագիւղացիներուդ եւ ազգի հայրենասէր հատուածին: Ես մէկ անգամ, Գետաշէնի անկման օրերուն, չստուգուած տեղեկութեամբ մը ցնցուած եմ արդէն քու նահատակութեանդ գուժով ու անկէ ետք իւրաքանչիւր զոհի հետ ապրած եմ քեզ կորսնցնելու արհաւիրքը: Բայց այս կորուստը կրկնակի ցաւ է, որովհետեւ այն հարազատ ընկեր մը կորսնցնելէ աւելի` քու երազած հայրենիքը ունենալու յոյսը կը մեռցնէ, հոգիիդ ու մտքիդ նուիրուածութեան առարկայ դարձած ազգին ու պետութեան բարոյազրկուածութիւնը կ՛ապացուցէ: Տարիներ շարունակ կռուեցար իր ոճրագործը հերոսացնող ցեղին դէմ` կառուցելու համար քու երազած հայրենիքդ եւ ստացար այն պետութիւնը, որ իր իսկական հերոսին դաւադիր սպանութիւնն անգամ դատապարտելու բարոյական արժանիքէ զուրկ է: Այո, պատեհ ու անպատեհ առիթներով հայրենասիրութենէն ճառող ազգի ոչ հայրենասէր հատուածը ոչ միայն ցաւակցութիւն չյայտնեց, այլ նոյնիսկ չդատապարտեց քու սպանութիւնդ, դեռ ո՛ւր մնաց բացայայտել ու պատժել թրքածին ոճրագործը:

Քու վրադ կրակած ճիւաղը պէտք է պատժուի, ոչ թէ յանուն վրէժի կամ արդարութեան, այլ` յանուն ներքին թշնամիի վերացման, վաղուայ օրուան հանդէպ յոյսի վերականգնման, ազգի ինքնամաքրման ու հայրենիքի նուիրեալ կերպարի ճառագայթումին: Մենք կը սպասենք Դաշնակցութեան Աստուծոյ պատիժին, որովհետեւ ազգային ու հայրենասէր կերպարը պէտք ըլլայ անխոցելի, ժողովուրդին ու ազգին հոգերով մտահոգուած ղեկավարի օրինակը պէտք ըլլայ վարակիչ, իսկ հայրենադաւութիւնն ու բարոյազրկուածութիւնը պէտք ըլլան պատժելի:

Վստահ եմ` այս բոլորը քեզ չեն տխրեցներ, սիրելի ընկեր: Ծնունդդ շնորհաւոր, քանզի դուն ծնած էիր չմեռնելու համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մատնիչ Աւէները չկրցան մեռցնել Աղբիւր Սերոբը: Բազմահազար երիտասարդներ Երեւանէն մինչեւ սփիւռք գոռացին «Բոլորս Հրաչ Մուրատեան ենք» եւ անոնց կտակեցիր նուիրեալ ազատամարտիկի աննկուն կամքը, հայրենասէր հայու կերպարը, ազնիւ, անկաշառ ու բարոյականի տէր ղեկավարի օրինակը եւ գաղափարապաշտ դաշնակցականի յարատեւ պայքարի հաւատամքը: Գէորգ Չաւուշն էր կուռքդ, եւ դուն ժառանգեցիր անոր համեստութիւնն ու քաջութիւնը, Արամ Մանուկեանն էր իտէալդ, եւ դուն մարմնաւորեցիր ժողովուրդիդ անշահախնդիր ծառայելու տիպարը, Լիզպոնի նահատակներն էին պաշտամունքդ, եւ դուն միշտ պատրաստ էիր գերագոյն զոհաբերութեան ու գացիր դէպի անմահութիւն` յաջորդ սերունդներուն կտակելով նախնիներէդ ժառանգած բոլոր բարեմասնութիւնները:

Հայրենիք
20/08/2013

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Գլուխ Գործոցներ Կը Կերպարանափոխուին

Յաջորդը

Արեւմտահայաստանը Ցնորքի Եւ Իրականութեան Առանցքներուն Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։