Սպարտակ Մոսկուա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այսօր Սենթ Կալենի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Թեթեւ վնասուածք ունեցած ըլլալուն պատճառով խումբին հետ չմեկնեցաւ նաեւ Խոսէ Մանուէլ Խուրաթօ:
Սպարտակի մարզիչ Վալերի Քարփինի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներուն կարգին է նաեւ Եուրա Մովսիսեան:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Էյ. Էֆ. Ճի. Արենա» մարզադաշտին վրայ:


