Սայտայի ու յատկապէս պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, Թաամիր շրջանի բնակիչներ զօրաշարժի մատնուած են` որեւէ պահու լիբանանեան բանակին դէմ ճակատելու մտավախութեամբ: «Օ. Թի. Վի.»-ն, «Ախպար» օրաթերթէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը յայտնէ, որ Թաամիր շրջանի տիկինները լծուած են զգայուն վայրերու եւ դիրքերու մաքրութեան` առ ի պատրաստութիւն հաւանական որեւէ պահու բռնկումի մը` Սայտայի շուրջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակին եւ պաղեստինեան գաղթակայանի զինեալներուն միջեւ: Անոնք արդէն իսկ պատրաստած են հապճեպ «գաղթ»-ի իրենց անհրաժեշտ գոյքերը` լքելու համար իրենց տուները առաջին իսկ կրակոցին արձակումէն ետք:


