Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ, ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ ԵՒ ԲԱՑԱԿԱՆԵՐԸ

June 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրախութեամբ, հոգեկան մխիթարութեամբ հետեւեցանք անմահանուն երգահան եւ երգչախումբերու խմբավար, վաստակաշատ Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած երգչախմբային հանդիսութեան մը նախաձեռնութեան: Այս հանդիսութեան տրուեցաւ միջդպրոցական երգչախմբային փառատօն անունը` մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 5 յունիս 2011-ին` «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը հրաւիրած էին Լիբանանի բոլոր հայկական վարժարանները: Ներկայացան միայն տասը վարժարաններ: Հրաւէրին ընդառաջած էին հայ աւետարանական հինգ վարժարաններ` Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (Էշրեֆիէ), Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան (Պուրճ Համուտ), Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան (Պուրճ Համուտ):

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան:

Ինչպէս կը տեսնենք, այս անուանացանկին մէջ ներկայ են մեր գաղութին հինգ հայ աւետարանական վարժարանները, նաեւ հինգ Ազգային վարժարան եւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան:

Ինչո՞ւ չեն ներկայացած հայ կաթողիկէ հինգ վարժարանները: Բացակայած են Հռիփսիմեանց, Մեսրոպեան, Սրբուհի Ագնէս, Սուրբ Խաչ եւ Մխիթարեան վարժարանները: Այս վարժարանները ունին իրենց երգի վաստակաշատ ուսուցիչը` Մանուէլ Քէշիշեան, որ յարատեւօրէն կը հետեւի յիշեալ վարժարաններու աշակերտներուն երգի դասերուն, եւ անոնք կը ներկայացնեն տարեկան համերգային հանդիսութիւններ:

Իր ամբողջ կեանքը հայ երգարուեստին նուիրած մեր երախտաւոր արուեստագէտին, Կոմիտաս վարդապետի արժանաւոր աշակերտներէն Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակի յոբելենական այս յիշատակի հանդիսութենէն յիշեալ վարժարաններու բացակայութիւնը հաճելի երեւոյթ մը չնկատուեցաւ թէ՛ ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ թէ՛ հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ ներկայ հանդիսականներուն: Եթէ պատճառաբանութիւն մը կար, պէտք էր յայտարարուէր, գուցէ ընդունուէր չքմեղանքը: Եթէ պատրուակը աշակերտներուն դասերով զբաղած ըլլալն էր, նոյնն էր պարագան նաեւ մասնակից դպրոցներու բոլոր աշակերտներուն:

Բոլորս ալ գիտենք, որ ԵՐԳԸ, ՀԱՅ ԵՐԳԸ դաստիարակիչ մեծ ու կարեւոր գործօն մըն է, որով կը սորվինք նոյնիսկ հայոց պատմութիւն, ան ուժ կու տայ հայ լեզուի ու բառամթերքի զարգացման: Արուեստը կ՛ազնուացնէ հոգիները ամէնքս ալ գիտենք: Բայց կը թուի, թէ գիտնալը ուրիշ է, գործադրելը` ուրիշ:

Հայ կաթողիկէ վարժարաններու երգեցիկ խումբերը այս բացակայութեամբ զրկուած են գոնէ Բարսեղ Կանաչեանին անունը իրենց միտքերուն մէջ պահելու պատեհութենէն:

Մեր ակնարկին նպատակն է յիշեցնել նման պարագաներուն «Ազգային փարախէն» դուրս չմնալու անհրաժեշտութիւնը: Յուսանք այլ առիթներով չեն կրկնուիր նման բացակայութիւններ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ. ՈՂԲ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐԻ» ՎԷՊԻ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԲԱՆԱՁԵՒՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.